Չինական Հուպէյ նահանգի, Ուհան քաղաքին մէջ, քորոնա ժահրի բորբոքումով ծնած նորածին աղջիկը 17 օրէն առողջացած է առանց դեղերու:
“The Mirror” պարբերականը յայտնած է, որ աղջկան ծնողներէն մէկը վարակուած էր COVID-19 քորոնա ժահրով: Աղջկան մօտ ի ծնէ շնչառական բորբոքում կար եւ սիրտի աննշան բարդութիւններ: Բայց, որովհետեւ անոր մօտ ախտանշանները ծանր չէին, բժիշկները որոշած են անոր դեղեր չտալ:
«Անոր մօտ շնչառութան յստակ դժուարութիւններ չկային: Ան չէր հազար, բարձր տաքութիւն չունէր: Մենք անոր բուժած ենք միայն սրտամկանի բորբոքային վիճակի դէմ»,- ըսած է բժիշկ Ցզեն Լինքուն:
Քորոնա ժահրի հետազօտումի համար, ծնողի տարրալուծարանի քննութիւնները 17 օր ետք, բացասական ցոյց տուած են. աղջիկը առանց միջամտութեան առողջացած է: