«Քորոնա» ժահրով վարակուած անհատ մը կրնայ տառապիլ ատոր հետեւանքներէն ամբողջ կեանքին ընթացքին: Նման կարծիք յայտնած են Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային ծառայութեան մասնագէտները:
«Քորոնա» ժահրէն վերականգնումի հարցերով բրիտանական կեդրոնի բժիշկ Հիլարի Ֆլոյտ նշած է, որ միջին տարիքի շատ հիւանդներ, որոնք որեւէ այլ հիւանդութիւն չունին, «քորոնա» ժահրէն առողջանալէն ետք, կը շարունակեն մնալ անաշխատունակ եւ «քրոնիք» հոգնածութիւն կ՛ունենան: Մասնագէտին խօսքով՝ նման մարդոց թիւը մեծ է: Բացի ատկէ, գիտնականները պարզած են, որ «քորոնա» ժահրով վարակումը կ՛աւելցնէ «Ալզհայմըր»-ի հիւանդութեան զարգացման վտանգը:
Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային ծառայութիւնը նշած է, որ «քորոնա» ժահրով իւրաքանչիւր երրորդ հիւանդի մօտ կրնայ զարգանալ թոքերու «ֆիպրոզ», ինչպէս նաեւ հոգեկան եւ մտային խանգարումներ:
Ինչպէս պնդած է փրոֆեսոր Փիթըր Օփենշոուն, «քորոնա» ժահրէն առողջացողները՝ միջինը մէկ տարի կ՛ուզեն, որպէսզի վերջնականապէս վերականգնեն իրենց առողջութիւնը: Սակայն կայ հաւանականութիւն, որ անոնց մէկ մասը երբեք չի յաջողի վերադառնալ լիիրաւ կեանքի: