Հաւանակա՞ն է վարակուիլ «քորոնա» ժահրով՝ թղթադրամի միջոցով: Հետազօտութիւնը, որու արդիւնքները հրապարակած է Անգլիոյ Կեդրոնական դրամատունը, գնահատած է այդ վտանգը:
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ կանխիկ գումարի միջոցով, «քորոնա» ժահրով վարակուելու հաւանականութիւնը չափազանց փոքր է, եթէ նոյնիսկ հիւանդը փռնքտայ թղթադրամին վրայ: Սակայն ոչ բոլոր մասնագէտները կը կիսեն այդ կարծիքը, հաղորդած է Medportal.ru-ն:
Մարտին, Հոնքոնկի համալսարանի Բժշկական դպրոցի հետազօտական խումբը գնահատած է «քորոնա» ժահրի դիմակայութիւնը տարբեր ջերմաստիճաններու եւ տարբեր մակերեսներու պարագային, որոնց հետ մենք պարբերաբար կը շփուինք: Թղթադրամներու վրայ ժահրերը յայտնաբերուած են ոչ մեծ քանակով 2 օր անց, իսկ 4 օր անց ատոնք արդէն վերացած են:
Իր կարգին, CSIRO աւստրալական ազգային գիտական գործակալութեան գիտնականները պարզած են, որ SARS-CoV-2-ը կրնայ ապրիլ մինչեւ 4 շաբաթ որոշ մակերեսներու վրայ, որոնց կը դպչի իւրաքանչիւր մարդ: Հետազօտութիւններու արդիւնքներուն համաձայն՝ «քորոնա» ժահրը աւելի լաւ կ՛ապրի թղթադրամներու վրայ եւ կը գերադասէ ոչ բարձր ջերմաստիճան: Միեւնոյն ժամանակ, հետազօտութեան հեղինակները նշած են, որ ժահրի փոխանցման ճամբան օդակաթիլային է, եւ ոչ շփումի միջոցով: Այսինքն՝ մարդ աւելի շուտ կը վարակուի, եթէ դրամապանակին վրայ փռնքտայ հիւանդը, քան վերջինիս դրամապանակին կանխիկ գումարէն:
Բրիտանական կարգաւորիչի տուեալներով՝ համավարակի ընթացքին, կտրուկ նուազած են ATM-էն կանխիկ գումար վերցնելու դէպքերը, օրինակ, Լոնտոնի մէջ այդ ցուցանիշը կրճատուած է մինչեւ 80 առ հարիւրով: Սակայն այն շրջաններուն մէջ, ուր կ՛ապրին բնակչութեան անպաշտպան խաւերը, այդ անկումը աննշան եղած է: Այդ մէկը կը նշանակէ, որ ցած եկամուտ ունեցող մարդիկ շարունակած են աշխուժօրէն օգտուիլ կանխիկ գումարէն:
Անգլիոյ Կեդրոնական պանքը պատուիրած էր սեփական հետազօտութիւնը՝ թղթադրամի միջոցով վարակուելու վտանգները գնահատելու համար: Տարրալուծարանական պայմաններու մէջ, փլասթիքէ եւ թղթադրամներու վրայ աւելցած են SARS-Cov-2-ի բարձր չափաբաժին, որ համարժէք էր «քորոնա» ժահրով հիւանդ մարդու հազի հետեւանքով ժահրի կուտակումը: Իրական կեանքի մէջ, քիչ հաւանական է, որ մեր ձեռքերուն մէջ յայտնուին թղթադրամներ, որոնց վրայ ճիշդ այդ պահուն հազացած է COVID-19-ով հիւանդը, սակայն հետազօտողները իրենց առջեւ նպատակ դրած էին գնահատել ամէնէն վատ պարագան:
Թղթադրամի վրայ ժահրին քանակը կը մնար կայուն այն աւելցնելէ ետք 1 ժամի ընթացքին, սակայն արագօրէն կը նուազէր յաջորդող 5 ժամերու ընթացքին: 6 ժամ ետք, ժահրային կաթիլներու քանակը հասած էր 5 առ հարիւրի ինչպէս թուղթի, այնպէս ալ փլասթիքէն դրամներու վրայ: 24 ժամ ետք, «փաթոճէն»-ը պահպանուած էր թղթադրամներու վրայ շատ փոքր չափաբաժինով:
Այդ տուեալներու հիման վրայ, Անգլիոյ Պանքը կը պնդէ, որ կանխիկ գումարի միջոցով վարակուելու հաւանականութիւնը շատ ցած է, ըստ որուն՝ թուղթէն եւ փլասթիքէն դրամներու վրայ ժահրի կենսագործունէութիւնը գրեթէ նոյնքան է:
Սակայն պէտք չէ մոռնալ զգուշութեան մասին. անհրաժեշտ է պարբերաբար լուալ ձեռքերը, մշակել զանոնք ախտահանիչով եւ պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն: