Յառաջիկայ տասնամեակին, կրնայ նոր «քորոնա» ժահր մը յայտնուիլ, որ, ինչպէս ներկայ ժահրը, անասունէն մարդու կը փոխանցուի: Նման կարծիք յայտնած է Սինկափուրի ազգային համալսարանին կից նոր վարակիչ հիւանդութիւններու ծրագիրի ղեկավար փրոֆեսոր Վան Լինֆան, յայտնած է The Straits Times թերթը։
«Լենթա»-ին համաձայն, գիտնականը խոստովանած է, որ տակաւին դժուար է յստակ ըսել, թէ ե՞րբ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ եւ որքան լուրջ կ՛ըլլայ բռնկումը: Ան նաեւ նշած է, որ գիտնականները լրջօրէն անհանգստացած են այն փաստով, որ Sars-CoV-2 «քորոնա» ժահրը կրնայ մարդէն անասունի փոխանցուիլ, իսկ որոշ ժամանակ անց՝ հակառակը՝ անասունէն մարդուն։
Փորձագէտին կարծիքով՝ «առաւել յոռետես»-ը չղջիկներու հակառակ վարակման հաւանականութիւնն է, որոնք կ՛ապրին շատ վայրերու մէջ:
«Փորձը ցոյց տուած է, որ այս անասունները՝ ժահրը առանց ախտանիշի կը դարձնեն»,- ըսած է Վան Լինֆան:
Իր կարգին, Սինկափուրի ազգային համալսարանին կից «Սո Սվի Հոքի» անուան Հանրային առողջութեան դպրոցի փոխտնօրէն Ալեքս Կուկ նշած է, որ ներկայիս «քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց իրական թիւը կրնայ տասը անգամ աւելի ըլլալ, քան պաշտօնական թիւերը ցոյց կու տան: Անոր համաձայն՝ վարակակիրներու ճիշդ թիւը պարզելու միակ ձեւը հակամարմիններու ստուգումն է: