Ձախ կողքի վրայ քնացած մարդոց մօտ մղձաւանջներու վտանգը աւելի մեծ է: Այս մէկը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ յիշեալ դիրքին մէջ սրտին վրայ սթրեսի յաւելումով, յայտնած է Daily Mail-ը։
Sleep and Hypnosis ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ ձախ կողմ թեքուելով քնացող մարդոց 41%-ը մղձաւանջներ կը տեսնէ: Անոնց պարագային, որոնք կը նախընտրեն քնանալ աջ կողքին վրայ, մղձաւանջներ կ՛ունենան 15%-ի մօտ։
Այս, հաւանաբար, պայմանաւորուած է անով, որ ձախ կողմի վրայ քնացած մարդիկ աւելի մեծ ծանրաբեռնուածութիւն ունին սրտին վրայ: 2018 թուականի ուսումնասիրութիւնը (հրապարակուած BioMedical Engineering OnLine ամսագրին մէջ) բացայայտած է, որ այս կեցուածքը կապուած է սթրեսին բնորոշ սրտի գործունէութեան հետ։ Անիկա դժուար թէ լուրջ խնդիրներ յառաջացնէ սրտային հիւանդութիւն չունեցող մարդոց մօտ, սակայն քնացած ժամանակ անհանգստութեան զգացումը կրնայ յանգեցնել տհաճ երազներու։
Մէջքի վրայ քնանալը եւս կրնայ տհաճ երազներ յառաջացնել, յատկապէս այն մարդոց մօտ, որոնք «օպսթրաքթիվ քունի ափնէա» ունին: