Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի գիտնականներու նոր ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մկանային-կմախքային քրոնիք ցաւը կրնայ նպաստել ճանաչողական անկման վտանգի բարձրացման:
Հետազօտութեան հեղինակները, որ հրապարակուած է Nature Mental Health ամսագրին մէջ, ուսումնասիրած են Մեծն Բրիտանիոյ աւելի քան 9000 մարդու ՄՌՏ (Magnetic resonance imaging) տուեալները եւ կապ յայտնաբերած են ծունկի օսթէօարթրիտի (AKS) եւ ուղեղի արագ ծերացման միջեւ:
Հետազօտողները մշակած են համեմատական «մոտել» մը՝ հիմնուած կառուցուածքային ՄՌՏ տուեալներու վրայ, որ արտօնած է անոնց ուսումնասիրել ուղեղի տարիքի եւ ժամանակագրական տարիքի տարբերութիւնները:
Անոնք բացայայտած են, որ ACS ունեցող մարդոց մօտ ուղեղի ծերացումը շատ աւելի արագ տեղի ունեցած է, քան անոնք, որոնք ACS չունին:
Նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ SLC39A8 «ճին»ը, որ արտայայտուած է «միքրոկլայըլ» բջիջներուն եւ աստղագօտիներու մէջ, կապ է ծունկի օսթէօարթրիտի եւ ճանաչողական անկման միջեւ: Գիտնականներու խօսքով՝ SLC39A8-ը կը քոտաւորէ ZIP8 սպիտակուցը, որ կը տեղափոխէ էական մետաղներ, ինչպէս՝ երկաթը, մանկանիզը եւ զինքը, եւ ոչ էական նիւրոթոքսիք մետաղի քատիումը։
«Ճենեթիք միւթէյշըն»ները կրնան ազդել էական մետաղներու փոխադրութեան եւ կլանման վրայ դէպի «մայթոքոնտրիա», յատկապէս մանկանիզը, որ, ըստ երեւոյթին, կարեւոր է ուղեղի բջիջներու առողջութեան եւ աշխատանքին համար: Մետաղներու չափազանց մեծ ազդեցութիւնը կամ թունաւոր ազդեցութիւնը կրնայ լուրջ բացասական կողմնակի ազդեցութիւններ ունենալ»,- նշած են հետազօտութեան հեղինակները:
Հետազօտողները նաեւ մատնանշած են SLC39A8-ի հետ կապուած բազմաթիւ այլ առողջական խնդիրներ, այդ շարքին՝ գրեթէ բոլոր օրկաններու, հիւսուածքներու եւ բջիջներու տիպի քլինիքական խանգարումները, բազմաթիւ զարգացման եւ բնածին խանգարումները, դիմադրողական եւ սրտանօթային համակարգերը, երիկամները, թոքերը, լեարդը, արեան մակարդման համակարգը, կեդրոնական նեարդային եւ մկանային-թոքային համակարգերը, աչքերը եւ ստամոքս-աղիքային «թրաքթ»ը:
Հետազօտութիւնը պէտք է նպաստէ ոչ միայն CMP-ի եւ ճանաչողական անկման միջեւ կապի հետագայ ըմբռնման, այլ նաեւ խնդիրներու լայն շրջանակին, որոնք կրնան յառաջանալ ճինային անհաւասարակշռութենէն, կ՛ըսեն գիտնականները: