Շատ կարեւոր է գիտնալ, որ իւրաքանչիւր դժուար ճգնաժամ կը յառաջացնէ «տիսթրես» մարդու մօտ։ Ան կ՛անցնի որոշ փուլերով եւ կը վերաիմաստաւորէ ու կը վերամշակէ այն բոլորը, որ իր հետ տեղի ունեցած է։ Այս մասին ըսած է «Սայքօսօշըլ» կարգաւորման կեդրոնի հոգեբան Լիլիթ Պաղտասարեան՝ մեկնաբանելով, թէ ինչպէ՞ս Հայաստանին եւ Արցախին պատուհասած աղէտը կ՛ազդէ մարդոց վրայ եւ ինչպէ՞ս դիմաւորել եւ օգնել Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակիչներուն։
«Առաջին 72 ժամուան ընթացքին առաջին հոգեբանական աջակցութիւնը կ՛ըլլայ շատ տեղին, շատ օգնող այդ «շոք»էն դուրս գալու եւ «շոք»ը վերապրելու համար։ Բայց ատկէ ետք կը միանան մեր օրկանիզմի պաշտպանական «մեքանիզմ»ները եւ անհատը ինք կը սկսի պայքարիլ իր այդ վիճակին դէմ։ Այստեղ շատ կարեւոր է գտնուիլ մարդու կողքին, բայց չխանգարել իրեն այդ վերապրումներուն մէջ։ Մենք պէտք է քաջ գիտնանք, որ ունենանք պատրաստակամութիւն օգնելու, բայց առանց ստիպողութեան։ Եւ մենք՝ որպէս հասարակութեան անդամ, որ չի կրնար ըլլալ անտարբեր կատարուածին վերաբերեալ, պէտք է զբաղինք որոշ ինքնախնամքով։ Հասկնանք, որ մեր կայուն մնալը այս իրավիճակին մէջ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի»,- յանձնարարած է հոգեբանը։
Ան նշած է, որ շատ կարեւոր է, օրինակ, որպէսզի վիրաբոյժը ըլլայ սառնասիրտ, հանգիստ, եւ նրբօրէն կատարէ իր աշխատանքը, պէտք չէ տարուի իր զգացումներուն եւ պէտք չէ մտածէ, թէ որքան ծանր է այդ մարդուն վիճակը։ Սառնասրտութիւնը իրեն կ՛օգնէ ճիշդ ձեւով կատարելու գործողութիւնը։ «Նոյնը կը վերաբերի բոլորիս, մենք պէտք է կայուն ըլլանք եւ այդ պարագային կարելի կ՛ըլլայ օգնել մեր տեղահանուած հայրենակիցներուն»,- ըսած է ան։
Խօսելով մարդոց կողմէ առաջարկուող օգնութիւններուն, Պաղտասարեան նշած է, որ այդ շատ դրական ազգային հոգեբանական գիծ է, որ մենք կը փորձենք օգնել զիրար եւ այդ եւս «սթրես»էն դուրս գալու ձեւ մըն է։
«Մենք անտարբեր հասարակութիւն չենք։ Ցաւօք սրտի, այդ բարեգործութիւնները այս պահուն շատ տարերային բնոյթ կը կրեն եւ համակարգուած չեն։ Այսինքն, իւրաքանչիւր անհատ կամ կազմակերպութիւն իր կողմէ կը փորձէ օգնութիւն ցուցաբերել, երբեմն շատ զգացական ձեւով առնելով հարցը, երբ մարդիկ ատոր ոչ մէկ ձեւով կ՛արձագանգեն, որովհետեւ ուղղակի «սթրես»էն ելլելով՝ ի վիճակի չեն արձագանգելու։ Կամ կ՛ուզեն խօսիլ իրենց բարեգործութեան մասին, ոչ թէ, որովհետեւ իրենց համար կարեւոր է բարձրաձայնելը, այլ որովհետեւ զգացական որոշ բաւարարութիւն կու տայ։ Եւ մենք պէտք է հասկնանք, որ եթէ պիտի օգնենք, օգնենք լուռ։ Հասկնալով, որ այն հագուստը, ուտեստեղէնը, դրամը, իսկապէս իր գործը կը կատարէ եւ բացարձակապէս կարեւոր չէ ստացանք շնորհակալութիւն, թէ՝ ոչ։ Եւ լաւ կ՛ըլլար, որ այդ բոլորը ըլլար համակարգուած ու կեդրոնացած ձեւով»,- ըսած է ան։
Հոգեբանը նշած է, որ կատարուածին մասին փոքրիկներու հետ անպայման պէտք է խօսիլ, ճիշդ է՝ իրենց հասկնալի պարզ բառերով։
«Երբեմն մեծերը լաւագոյն մղումներով կը փորձեն փոքրիկները պաշտպանել այն բոլոր պատահարներէն եւ ձեւով մը խուսափիլ, նիւթը փակել՝ հոգիի կորուստի կամ տան կորուստի հետ կապուած։ Բայց իրականութեան մէջ փոքրիկները շատ պատրաստ են բաւական ծանր նիւթեր ընկալելու, իւրացնելու։ Որովհետեւ փոքրիկներուն համար կայ շատ կարեւոր գործօն մը. եւ այդ գործօնը հոգատար հարազատն է, որուն հետ ինք ունի զգացական կապ։ Այսինքն, եթէ հարազատ մարդը փոքրիկին համար հասանելի, պարզ բառերով կը բացատրէ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, առանց աւելորդ «իմոշըն»ներու, առանց աւելորդ յուզականութեան, փոքրիկը ի վիճակի է հասկնալու։ Այդ մէկը շատ աւելի լաւ է, քան պահել իրականութիւնը։ Որովհետեւ, նոյնն է, փոքրիկները շատ մեծ ականջներ ունին, եւ իրենք ամէն ինչ կը լսեն։ Թէեւ մեզ կը թուի, որ քնացած է փոքրիկը, խոհանոցին մէջ ցած ձայնով կը խօսինք, բայց նոյնիսկ «իմոշըն»ններէն փոքրիկը արագօրէն կը հասկնայ, թէ ինչի մասին է խօսքը։ Այդ կը փաստեն, օրինակ, պատերազմի ժամանակ մեր զրոյցները փոքրիկներու հետ, երբ բոլորը միաձայնութեամբ կ՛ըսէին, որ կ՛ուզեն զինուորական դառնալ։ Կամ երբ կը գծէին պատերազմական գործողութիւններ։ Այսինքն, կը թուի, թէ ծնողները չեն խօսիր այդ մասին, բայց փոքրիկները այդ բոլորը կը վերապրին։ Ի վերջոյ, չմոռնանք, որ իրենք սեփական աչքով տեսած եւ զգացած են։ Եւ ատոր համար առանց աւելորդ «իմոշըն»ներու, հանգիստ խօսակցութիւնը, որ՝ այո, այս կատարուած է մեզի հետ, բայց մենք կարեւորը միասին ենք, եւ մեր ընտանիքը ուժ ունի այս բոլորը վերապրելու, եւ պարտաւոր ենք վերապրելու, երթալու յառաջ, լաւ սորվելու, յաղթահարելու։ Նման խօսակցութիւն կրնայ փոքրիկի մը համար շատ մեծ օգտակարութիւն ունենալ»,- ըսած է Պաղտասարեան։
Պաղտասարեան թուարկած է քանի մը կանոններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ նաեւ լրագրողներուն։ «Լրագրողը, բնականաբար, հոգեկան առողջութեան մասնագէտ չէ եւ երբ կը հանդիպի նման ծանր դէպքերու, կրնայ ինքնավնասուիլ ատկէ։ Այսինքն, լրագրողն ալ պէտք է որոշ պատրաստութիւն ունենայ մարդու հետ զրուցելու։ Կանոններէն ամենակարեւորը՝ անհատին հետ մեծագոյն յարգանքով վերաբերիլն է ու նաեւ ընդունիլ մարդոց հրաժարումը նկարուելէն»,- ըսած է ան, աւելցնելով, որ կարելի է կիրառել «թեքնիք» մը, որ կը կոչուի զգացումներու արտացոլացում։ Երբ մարդ կ՛արտայայտէ իր զգացումները, լրագրողը կրնայ ըսել, որ կը հասկնայ եւ կը զգայ որքան ծանր են անոր ապրումները։
Ան նշած է, որ այսօր պետութեան բաղկացուցիչ մասերը կը փորձեն համակարգել տեղահանուածներուն մատուցուող հոգեբանական օգնութիւնը։ Շատ հասարակական կազմակերպութիւններ կը մեկնին վայրեր, ուր կան տեղահանուած մարդիկ եւ կը փորձեն օգնութիւն ցուցաբերել։ Եւ այդ ինքնաբուխ բնոյթ կը կրէ, բայց լաւ կ՛ըլլար, որ աւելի համակարգուած բնոյթ ունենար։
Պաղտասարեան տեղեկացուցած է, որ «Սայքոսոշըլ» կարգաւորման կեդրոնին մէջ կը գործէ տաք գիծ, որուն կրնան դիմել բոլոր այն մարդիկը, որոնք կը զգան, որ իրենք կամ իրենց հարազատները հոգեբանական օգնութեան կարիք ունին։
«Մեր կեդրոնը նաեւ ունի մասնաճիւղեր Կորիսի, Ջերմուկի, Կապանի, եւ այժմ նաեւ վերաբացած է Սիսիանի մասնաճիւղը: Բոլոր մասնաճիւղերու հոգեբանները պատրաստ են անվճար օգնութիւն ցուցաբերելու մեր հայրենակիցներուն»,- ըսած է նա։
Խօսելով այն մասին, որ շատեր չեն դիմեր հոգեբանի, թէեւ ունին անոր կարիքը, եւ ինչ «մեքանիզմ»ներ կան այդ մարդոց գտնելու եւ օգնելու, ան նշած է, որ ճիշդ այս ըսուածները կրնան մեծ օգտակարութիւն ունենալ:
«Կան որոշ ցուցանիշներ, «տիթեքթըր»ներ, որոնցմով կարելի է հասկնալ, թէ արդեօք մարդ օգնութեան կարիք ունի՞ թէ ոչ, որ պէ՞տք է ուղղակի ըլլալ անոր կողքին եւ արտօնել, որ ան «սթրես»ը վերապրի։ Եւ այդպիսի ցուցանիշներէն մէկը քնանալն է: Երբ մարդ կարենայ առնուազն 4 ժամ անընդմէջ քնանալ, այդ կը նշանակէ, որ ան «ռիսորս» ունի իր խնդիրը վերապրելու։ Երբ կրնայ ցերեկը զբաղիլ որոշ առօրեայ գործերով, որ անհրաժեշտ է, օրինակ՝ փոքրիկի խնամք, այդ եւս դրական ցուցանիշ է։ Ատոր բացակայութիւնը կրնայ ցոյց տալ, որ առնուազն մարդը օգնութեան կարիք ունի: Միւս կարեւորագոյն ցուցանիշը ֆիզիքական գանգատներն են՝ գլխացաւ, շնչահեղձութիւն, նաեւ «ակրեսիվ» վարք, երբ մարդ կը փորձէ ինքն իրեն վնաս հասցնել կամ անընդհատ կը փորձէ վնասել ուրիշներուն… Այդ ալ ցուցանիշ է, որ պէտք է դիմել հոգեբանական օգնութեան:
Բայց միւս պարագաներուն, երբ մարդ կը տխրի, երբ ան կը յուզուի, բացասական զգացումներ կը վերապրի, այդ տակաւին չի նշանակեր, որ ունի հոգեբանական օգնութեան կարիք, որովհետեւ այդ վիճակը համապատասխան է այն իրավիճակին, որուն մէջ հիմա շատեր կը գտնուին»,- ըսած է ան։
Հոգեբանը նշած է, որ մարդիկ տարբեր ձեւերով կը տանին «սթրես»ը. կան մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն ժամանակաւորապէս մեկուսանալ, չյարաբերիլ եւ պէտք է յարգել այդ որոշումը։ Իսկ կան մարդիկ որոնց համար յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են:
«Հիմնականին մէջ մօտաւորապէս 70-75 առ հարիւր մարդոց համար յարաբերութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ շփման ընթացքին մենք կրնանք ցրուիլ, մոռնալ, այդ լարուածութիւնը կ՛անցնի, կը բաժնուի խնդիրը քանի մը հոգիի միջեւ ու աւելի կը թեթեւնայ: Այնպէս որ այսպիսի անհատական մօտեցում անհրաժեշտ է ցուցաբերել, եւ այդ պարագային չենք սխալիր», – ըսած է Պաղտասարեան։