Օլիկոարթրիտը կը յատկանշուի յօդերու կարծրութեամբ եւ ուռեցքով, յաճախ ախտահարելով մեծ յօդերը: Անիկա կ՛ախտորոշուի մինչեւ 16 տարեկան փոքրիկներու եւ անչափահասներու մօտ: Մինչ օլիկոարթրիտի որոշ պարագաներ ժամանակի ընթացքին կը լուծուին, ուրիշներ կրնան զարգանալ եւ տարածուիլ մարմնի նոր բաժիններու մէջ հասուն տարիքին: Բուժումը զգալիօրէն կը նուազեցնէ ախտանիշները եւ կը կանխէ յօդերու վնասումը:
Ի՞նչ է Օլիկոարթրիտը
Օլիկոարթրիտը, որ նաեւ յայտնի է որպէս «օլիկոարթիքիւլային անչափահասներու իտէօփաթիք արթրիտ», անչափահասներու իտէօփաթիք արթրիտի ամենէն տարածուած տեսակն է: Այս վիճակը կը յառաջացնէ յօդերու բորբոքում, կարծրութիւն եւ ցաւ մարմնի մեծ յօդերուն մէջ, մասնաւորաբար՝ ծունկերու, կոճերու եւ արմուկներու, ինչպէս նաեւ՝ աչքի միջին շերտին մէջ:
Լատիներէն «օլիկօ» կը նշանակէ «սակաւ»: Եթէ դուք ունիք օլիկոարթրիտ, ապա արթրիտով ախտահարուած հինգէն նուազ յօդեր գոյութիւն ունին ձեր մարմնին մէջ:
Որո՞նք են օլիկոարթրիտի տեսակները
Կան օլիկոարթրիտի երկու տեսակ՝ հիմնուած այն բանի վրայ, թէ քանի՞ յօդ ախտահարուած է որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ:
-Յարատեւ օլիկոարթրիտ. արթրիտը կը շարունակէ ախտահարել չորս կամ նուազ յօդեր նոյնիսկ վեց ամսուան ժամանակամիջոցէ մը ետք:
-Ընդլայնուած օլիկոարթրիտ. արթրիտը կ՛ախտահարէ աւելի քան չորս յօդ վեց ամսուան ժամանակամիջոցէ մը ետք:
Որո՞նց կ՛ազդէ օլիկոարթրիտը
Օլիկոարթրիտը արթրիտի տեսակ մըն է, որ կը պատահի փոքրիկներուն եւ անչափահասներուն: Անիկա աւելի յաճախ կ՛ազդէ այն անհատներուն, որոնք կը պատկանին իգական սեռին: Այնուամենայնիւ, ոեւէ մէկը կրնայ ենթարկուիլ այդ վիճակին:
Որքա՞ն յաճախականութեամբ կը պատահի օլիկոարթրիտը
10,000 փոքրիկէն մօտաւորապէս 4էն 16ը կը տառապին օլիկոարթրիտէ Հիւսիսային Ամերիկայի ու Եւորպայի մէջ եւ անչափահասներու իտէօփաթիք արթրիտ ունեցող անձերուն կէսը՝ օլիկոարթրիտէ: Օլիկոարթրիտով ախտորոշուած մարդոց մինչեւ քսան առ հարիւրը նաեւ ունի «իւվէյթիս» (աչքի բորբոքում):
Ինչպէ՞ս օլիկոարթրիտը կ՛ազդէ փոքրիկի մը մարմնին վրայ
Օլիկոարթրիտը «օթոիմիւն» հիւանդութիւն մըն է: Փոքրիկի մը դիմադրողական համակարգը կը պաշտպանէ անոր մարմինը օտար ներխուժողներէ, ինչպէս՝ ժահրերը, մանրէները եւ պաքթիրիաները:
Երբ փոքրիկը ունի «օթոիմիւն» հիւանդութիւն, անոր դիմադրողական համակարգը վստահ չըլլար, թէ ինչը նպաստաւոր է եւ ինչը ներխուժող: Հետեւաբար, անիկա կը յարձակի մարմնին բջիջներուն եւ հիւսուածքներուն վրայ, այնպէս ինչպէս կը յարձակի ախտանշան յառաջացնող ժահրի վրայ:
Օլիկոարթրիտի պարագային, փոքրիկի մը դիմադրողական համակարգը կը թիրախաւորէ յօդին (սինովիում) շուրջ գտնուող հիւսուածքը, կարծես անիկա ներխուժող մը ըլլայ:
Փոքրիկին մարմինը բնականօրէն հեղուկ կ՛արտադրէ, որպէսզի հանգստացնէ յօդերը, եւ, հետեւաբար, դիւրացնէ շարժումը: Երբ անոնց դիմադրողական համակարգը կը յարձակի «սինովիում»ին վրայ, մարմինը կը սկսի աւելի հեղուկ արտադրել, ինչ որ կը յանգեցնէ յօդերու ուռելուն կամ մեծնալուն:
Այս ուռեցքը կը յառաջացնէ օլիկոարթրիտի ախտանիշներ՝ յօդը դարձնելով կարծր եւ անհանգիստ: