Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ հիմնականին մէջ փոխանցումի գործօն դարձած են թեթեւ նախուտելիքները, մասնաւորապէս՝ ծովային ուտելիքներէն եւ օձէն պատրաստուած։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ յղում կատարելով Առողջապահութեան համաշարհային կազմակերպութեան տուեալներուն։
Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ նոր քորոնա վայրըսի (2019-nCoV) ի յայտ գալու հետ կապուած համաճարակային իրավիճակը Չինաստանի մէջ լուրջ է․ արձանագրուած է շուրջ 900 պարագայ. 26 հիւանդ մահացած է, իսկ 34-ը՝ բուժուած: Պարագաներ արձանագրուած են նաեւ Ճափոնի, Թայլանտի, Հարաւային Քորէայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. բոլորը Չինաստանէն բերուած:
Յունուար 23-ի դրութեամբ, Առողջապահութեան համաշարհային կազմակերպութիւնը չէ յայտարարած «հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ միջազգային նշանակութեան արտակարգ իրավիճակ», որովհետեւ պարագաները ըստ քլինիքական բնորոշումի «մեղմ» են, տեղայնացումի աշխատանքները արդիւնաւէտ են, եւ արտակարգ իրավիճակը կը տեսնուի միայն Չինաստանի մէջ։
Առողջապահութեան համաշարհային կազմակերպութիւնը հիւանդութիւնը անուանած է «2019 թուականի նոր քորոնա վայրըս» (2019-nCoV):
Հիւանդութիւնը եւ դէպքերու ներկրումը Հայաստանի Հանրապետութիւն կանխելու համար՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յանձնարարէ.
- միջազգային ճամբորդութիւններ ծրագրելու ժամանակ` հաշուի առնել տուեալ երկիրի համաճարակային իրավիճակը,
- եթէ կը գտնուիք Չինաստանի մէջ, յատկապէս՝ Ուհան կամ յարակից քաղաքներ, ապա.
- խուսափեցէ´ք կամ բացառեցէ՛ք կենդանական (յատկապէս՝ ծովային ուտելիքի) շուկաներ այցելելէ,
- օգտագործեցէ´ք միայն լաւ եփած սնունդ, շիշի մէջ լեցուած ջուր,
- խուսափեցէ´ք շնչառական վարակներով հիւանդներու հետ սերտ շփումէ,
- մի այցելէ´ք կենդանաբանական այգիներ կամ մի մասնակցի´ք մշակութային ձեռնարկներու, ուր ներգրաւուած են անասուններ,
- օգտագործեցէ´ք անհատական պաշտպանիչ միջոցներ (դիմակներ),
- լուացէ´ք ձեռքերը դուրսէն տուն գալու ժամանակ եւ ուտելէ առաջ,
- կրիփի նման երեւոյթներու առկայութեան պարագային, դիմեցէ´ք բժիշկի, մի´ զբաղիք ինքնաբուժումով,
- եթէ վերադարձած էք Չինաստանէն եւ ձեր մօտ առկայ են կրիփի նման հիւանդութիւններու բնորոշ ախտանշաններ, ապա դիմեցէ´ք բժշկական օգնութեան՝ նշելով ճամբորդութեան մասին: