Օմիքրոնով վարակուածներուն կը յանձնարարուի հրաժարիլ սուրճ խմելու սովորութենէն, ըսած է նեարդաբան Իկոր Մացոքին:
Մասնագէտը յայտնած է, որ յետքորոնաժահրային ընթացքին խթանիչներու ազդեցութիւնը օրկանիզմին վրայ պէտք է նուազագոյնի հասցնել, որոնց շարքին է նաեւ քաֆէինը։ Քաֆէինը կը սպառէ «ատենոզին թրիֆոսֆաթ»ը (ԱՏՖ), որ կարեւոր դեր ունի նիւթափոխանակութեան եւ «էնըրճի»ի գործին մէջ: Ատոր առկայութիւնը օրկանիզմին մէջ COVID-19-էն ետք «արդէն նուազագոյն է»։
Քաֆէինը նաեւ ջրազրկման եւ, հետեւաբար, արեան մակարդման յաւելումին, ինչպէս նաեւ արեան մէջ շարք մը կարեւոր «մայքրօէլեմընթ»ներու մակարդակի նուազման կը յանգեցնէ։ Այս բոլորը բացասաբար կ՛անդրադառնայ սրտի եւ սրտանօթային համակարգի աշխատանքին վրայ։ Հետեւաբար մասնագէտը կը յանձնարարէ սուրճը փոխարինել ոչ «ծանր» սպիտակ կամ կանաչ թէյով։