Սուինպըրնի արուեստագիտական համալսարանի եւ Baker Heart and Diabetes Institute-ի գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 2000 մարդու վարքագիծը 24 ժամուան ընթացքին, որոշելու համար քնանալու, ֆիզիքապէս աշխուժ ըլլալու եւ նստելու ու կանգնելու ամենէն նպաստաւոր ժամանակը: Նոր հետազօտութիւնը, med-heal.ruի համաձայն, հրապարակուած է Diabetologia ամսագրին մէջ։
Հետազօտողներու կարծիքով, այսպիսի գործողութիւններու «օփթիմըլ» հաւասարակշռութիւնը կը կրէ հետեւեալ ձեւը.
6 ժամ նստած
5 ժամ 10 վայրկեան կանգնած
8 ժամ 20 վայրկեան քնացած
2 ժամ 10 վայրկեան թեթեւ ֆիզիքական աշխուժութիւն
2 ժամ 10 վայրկեան չափաւոր եւ կայտառ ֆիզիքական աշխուժութիւն
Թեթեւ ֆիզիքական աշխուժութիւնը կրնայ ներառել, օրինակ, տնային աշխատանքը, սակայն բարձր աշխուժութիւն պահանջող մարմնային աշխուժութիւնը պէտք է բաղկացած ըլլայ մարզասրահին մէջ կատարուելիք կեդրոնացած վարժութիւններէ կամ արագ քալելէ:
Հետազօտողներու համաձայն, այսպիսի առօրեայ մը կ՛ապահովէ առողջական տարբեր ցուցանիշներու միջեւ հաւասարակշռութիւն:
«Առողջական ցուցանիշներու մեկնաբանութիւնը կը տարբերի՝ կախեալ ըլլալով հետազօտուող կամ գնահատուող վարքագիծէն: Այս բաժինը կը ներառէ առողջութեան ցուցանիշներու լայն շրջանակ եւ կը տրամադրէ 24 ժամ՝ կապուած ընդհանուր «օփթիմըլ» առողջութեան հետ», կ՛ըսէ հետազօտական խումբի ղեկավար Քրիսթիան Պրէքընրիճ:
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ նստակեաց ժամանակ անցընելը՝ աւելի բարձր ֆիզիքական աշխուժութեամբ փոխարինելը կապուած է արեան մէջ «կլիւքոզ»ի աւելի լաւ մակարդակի հետ 2րդ տիպի շաքարախտով տառապող հիւանդներու պարագային, բաղդատելով անոնց հետ, որոնք շաքարախտէ չեն տառապիր: