Շատ մարդիկ չեն նկատեր, որ մանաւանդ տօնական օրերուն որքա՜ն շատ ածխաջուրեր (carbohaydrates) կ՛օգտագործեն։
Առօրեայ կեանքին մէջ գրեթէ անկարելի է խուսափիլ ածխաջուրերէն: Ատոնք կարեւոր են, որովհետեւ տեսակ մը «վառելիք» են ուղեղին համար։ Ածխաջուրերը օրկանիզմին կ՛ապահովեն «էնըրճի», եւ մենք ատոր կարիքը ունինք՝ ամբողջ օրուան ընթացքին՝ արդիւնաւէտ եւ կեդրոնացած մնալու համար: Այնուամենայնիւ, ածխաջուրերու չարաշահումը, յատկապէս արագ մարսուող, կրնայ բաւական մեծ վնաս հասցնել առողջութեան: Սննդականոնին մէջ ատոնց մեծ քանակի մասին կը խօսին բժիշկները եւ զայն կը կապեն արեան մէջ շաքարի անկայունութիւններուն եւ ատոր բարձր մակարդակին, ինչպէս նաեւ՝ ճարպերու կուտակման հակումին:
Ինչպէ՞ս կրնայ օրկանիզմը արձագանգել ածխաջուրերու մեծ չափաբաժիններու օգտագործման
Յոգնածութիւն։ The Health Site-ի տուեալներով՝ ածխաջուրերու օգտագործումը կարճաժամկէտ «էնըրճի» կու տայ՝ բարձրացնելով արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Անիկա իջեցնելու համար, օրկանիզմը կ՛արտադրէ «ինսուլին» հորմոն, որուն ազդեցութեամբ տեղի կ՛ունենայ շաքարի մակարդակի արագ անկում։ «Էնըրճի»ի ալիքը կ՛անհետանայ՝ իր ետին ձգելով տկարութեան եւ գերյոգնածութեան զգացում։ Այս «էֆեքթ»ի հիմնական խթանիչները short-chain (նաեւ կը կոչուին «պարզ») ածխաջուրեր են. ատոնք յատկապէս արագ կը բարձրացնեն արեան մէջ շաքարի մակարդակը եւ կը նպաստեն ատոր կտրուկ անկման: Նման ածխաջուրեր կը պարունակեն «քէյք»երը եւ քաղցր ուտելիքները։
Քաղցրաւենիքի հանդէպ հակում։ Երբ մենք շաքար կ՛ուտենք, ուղեղը կ՛արտադրէ «տոփամին», որուն շնորհիւ մենք ուրախութիւն, «եուֆորիա» կը զգանք։ Այս առումով պարզ ածխաջուրերը շատ նենգ են. այն մարդիկը, որոնք պարբերաբար կ՛օգտագործեն զանոնք, կրնան «էտիքշըն« յառաջացնել քաղցրաւենիքէն:
տրամադրութեան անկայունութիւններ։ Մեծ քանակութեամբ ածխաջուրեր օգտագործողներու մօտ արեան մէջ շաքարի աճը բացասաբար կ՛անդրադառնայ «հորմոնալ» հաւասարակշռութեան վրայ, եւ, հետեւաբար, տեղի կ՛ունենան յուզումնային վիճակի փոփոխութիւններ՝ լաւ տրամադրութեան ներհոսքէն մինչեւ զօրաւոր դիւրագրգռութիւն:
Ի՞նչ ածխաջուրեր պէտք է օգտագործել: Ածխաջուրերը սննդակարգի կարեւոր մասն են եւ կարելի չէ ամբողջութեամբ հրաժարիլ ատոնցմէ, սակայն քանակը պէտք է վերահսկուի. շաքար եւ սպիտակ ալիւր պարունակող ուտելիքներու քանակը պէտք է նուազագոյնի իջեցնել։