Ֆիզիքական թերափին վարժութիւններու, ձգումներու եւ շարժումներու համադրութիւն է, որ կը բարձրացնէ ուժը, ճկունութիւնը եւ շարժունակութիւնը՝ օգնելով, որ աւելի վստահ եւ ապահով շարժի անհատը:
Ի՞նչ է ֆիզիքական թերափին
Ֆիզիքական թերափին բուժում է, որ կ՛օգնէ բարելաւելու մարմնի ֆիզիքական շարժումներու կատարողականութիւնը: Անիկա կրնայ ցաւի կառավարման ընդհանրացուած ծրագրի կամ յատուկ վնասուածքի ու առողջական վիճակի բուժման բաժին մը ըլլալ։ Բնական է նաեւ, որ ֆիզիքական թերափիի կարիքը զգացուի բազմաթիւ տեսակի գործողութիւններէ ետք, եւ նոյնպէս՝ անհրաժեշտ ըլլալ կանխելու վնասուածքներ նախքան անոնց պատահիլը։
Ֆիզիքական թերափիի համար պէտք է աշխատիլ ֆիզիքական թերափիսթի հետ, որ առաջին կարգին պիտի աշխատի, որպէսզի հիւանդը ապահով ըլլայ թերափիի ընթացքին։
Թէ որքան ժամանակ կը պահանջուի ֆիզիքական թերափիի համար, կախեալ է, թէ ի՞նչ վնասուածքներ կամ առողջական վիճակներ կան եւ մարմնի ո՞ր հատուածը աւելի լաւ շարժելու կարիքը ունի: Կարգ մը մարդիկ ընդամէնը քանի մը շաբաթ կ՛ուզեն կարճատեւ խնդրի լուծման համար: Ուրիշներ կը պահանջեն ամիսներ կամ տարիներ՝ քրոնիկ (երկարատեւ) հիւանդութեան ախտանիշները կառավարելու համար:
Ի՞նչ կը բուժէ ֆիզիքական թերափին
Մարդոց մեծամասնութիւնը կը սկսի ֆիզիքական թերափի, երբ բժիշկը կամ մասնագէտը վնասուածք մը կ՛ախտորոշէ կամ պայման մը կը ճշդէ: Օրինակները կը ներառեն․
- Մարզական վնասուածքներ
- Վիզի ցաւ
- Մէջքի ցաւ
- Ծունկի ցաւ
- ազդրի ցաւ
- «Քարփալ թիւնել»ի համախտանիշ
- «Թենտինոփաթի» (ներառեալ «թենտինիթիս»)
- «Րօթէյթըր քաֆ» պատռուածքներ
- Ծունկերու կապաններու վնասուածքներ (օրինակ՝ ACL պատռուածքներ)
- «Թեմփորոմէնտիպիւլըր» յօդային (TMJ) խանգարումներ
- Ուղեղի ցնցումներ
- Կաթուածներ
- Ողնաշարի վնասուածքներ
- Ուղեղի թրոմաթիք վնասուածքներ
Կրնայ կարիքը զգացուիլ ֆիզիքական թերափիի՝ քրոնիկ վիճակ մը կառավարելու համար, ներառեալ՝
- Թոքերու քրոնիկ «օպսթրաքթիւ» հիւանդութիւն (COPD)
- Ուղեղային կաթուած
- «Մալթիփըլ սքլերոսիզ» (MS)
- Մկանային «տիսթրոֆի»
- «Փարքինսըն»ի հիւանդութիւն
- «Սիսթիք ֆայպրոսիզ»
Ի՞նչ են ֆիզիքական թերափիի տեսակները
Ֆիզիքական թերափին գործնական մեթոտներու (թերափիսթը կը շարժէ ձեր մարմնին մասերը) եւ մարզանքներու կամ շարժումներու համադրութիւն է, որ կը կատարուի ֆիզիքական թերափիսթի հսկողութեամբ: Ֆիզիքական թերափին կրնայ ներառել․
- Ձգում
- Ուժային վարժութիւններ (ծանրերով կամ առանց վարժութեան սարքերու):
- Մարձում
- Տաք կամ պաղ թերափի
- «Հայտրոթերափի»
- Անդրմաշկային ելեկտրական նեարդային խթանում (TENS)
Ֆիզիքական թերափին թէ՛ այցելու եւ թէ՛ տան մէջ գտնուող հիւանդներու բուժում կը ցուցաբերէ։ Կարելի է սկսիլ, եթէ վնասուածքէ կամ գործողութենէ մը ետք հիւանդը հիւանդանոցին մէջ կը գտնուի, ապա՝ շարունակել տուն վերադառնալէն ետք:
Կախեալ ըլլալով այն բանէն, թէ ո՞ւր կ՛ապրի անհատը եւ ֆիզիքական թերափիի ո՞ր տեսակը անհրաժեշտ իրեն համար, կրնայ թերափին կատարուիլ մասնագիտացուած քլինիքի, հիւանդանոցի կամ նոյնիսկ տան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ «վըրչուըլ» այցի միջոցով՝ տեսազանգով կամ հեռաձայնով:
Որո՞նք են ֆիզիքական թերափիի oգուտները
Ֆիզիքական թերափին կրնայ աշխատիլ մարմնի որեւէ համակարգին վրայ, որ կը վերահսկէ շարժումը, ներառեալ.
- Մկանակմախքային համակարգը
- Նեարդային համակարգը
- Սրտանօթային համակարգը
- «Ինթեկիւմենթըրի» համակարգը
Ֆիզիքական թերափին կրնայ զօրացնել մարմնի զանազան մասերը վերոնշեալ համակարգերէն որեւէ մէկուն ընդմէջէն, ներառեալ․
- Մկանները
- Ոսկորները
- Յօդերը
- Սիրտը
- Թոքերը
- Ուղեղը (ներառեալ նեարդերը եւ մարմնի այլ մասերուն «մէսէյճ»ներ փոխանցելու անոնց եղանակները):
- Մորթը եւ թէ ինչպէ՞ս կը դպչիք եւ կը զգաք առարկաները:
Որո՞նք են ֆիզիքական թերափիի վտանգները
Ֆիզիքական թերափին շատ ապահով է եւ արդիւնաւէտ: Ինչպէս որեւէ ֆիզիքական գործունէութեան պարագային, կարելի է ունենալ վնասուածքի փոքր վտանգ, ներառեալ առկայ վնասուածքի մը վատթարացումը: Անհրաժեեշտ է խօսիլ թերափիսթին հետ, որ ինչպէ՞ս ապահով ձեւով կատարուին մարզանքներն ու շարժումները, յատկապէս, եթէ կը ծրագրուի թերափին շարունակել տան մէջ կամ առանց հսկողութեան մինչեւ յաջորդ ժամադրութիւն:
Արդեօք կ՛արժէ՞ ֆիզիքական թերափին
Յատկապէս սկիզբը կրնայ դիւրին չըլլալ, սակայն ֆիզիքական թերափին անկասկած, որ կ՛արժէ կիրառելը: Ֆիզիքական թերափիէ մը ետք կրնայ զգացուիլ սթրես, յոգնածութիւն կամ ուժասպառութիւն: Այս զգացումները բնական են: Ֆիզիքական թերափիսթը կ՛օգնէ իրատես նպատակներ եւ ակնկալիքներ ունենալու:
Անհատը կրնայ զգալ, որ ֆիզիքական թերափին անմիջապէս արդիւնք չի տար, սակայն անոր ուժը, ճկունութիւնը եւ շարժունակութիւնը ժամանակի ընթացքին կը բարելաւուին: Հիմնականը շարունակելն է:
Ե՞րբ պէտք է դիմել բժիշկին կամ մասնագէտին
Պէտք է այցելել բժիշկին, եթէ նկատուին նոր կամ վատթարացող ախտանշաններ եւ տեղեկացնել թերափիսթին, եթէ թերափիի որեւէ մէկ բաժինը անհատին համար չափազանց դժուար կամ շատ դիւրին է: Ան կրնայ յարմարեցնել բուժման ծրագիրը, երբ տեսնէ որ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի: