Հետազօտութեան մասնակցած 18 քկ/մ2-էն ցած մարմնի զանգուածի «ինտեքս»ով կիներու 98 առ հարիւրի մօտ կը նկատուի ֆոլաթթուի պակաս, յաճախ նաեւ այլ վիթամիններու պակաս: Ֆուժիթայի Առողջական համալսարանի ճապոնցի գիտնականներու հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nutrients ամսագրին մէջ:
Հետազօտողները վերլուծած են 20-էն 39 տարեկան մարդոց տուեալներ, որոնք անբաւարար կշիռք ունեցած են եւ 2022ի Օգոստոսէն մինչեւ 2022ի Սեպտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին մէջ հետեւած են բժշկական ստուգումներու:
Վերլուծուած են 643 կիներու եւ 1457 տղամարդոց բժշկական եզրակացութիւնները։ Անբաւարար կշիռք ունեցող կիներու բաժինը կազմած է 17 առ հարիւր, իսկ տղամարդոցը՝ 4,5 առ հարիւր: Գիտնականները անբաւարար կշիռք նկատած են 18 քկ/մ2-էն ցած մարմնի զանգուածի «ինտեքս»ը: 1,6 մ հասակ ունեցող չափահաս կնոջ մը համար 47,4 քկ կշիռքը նկատուած է նուազագոյն առողջ կշիռք, իսկ 1,7 մ հասակ ունեցող կնոջ համար՝ 53,5 քկ-ը։
«Էնըրճի»ի, ածխաջուրերու, բջիջանիւթի, քալսիումի եւ երկաթի ընդհանուր սպառումը աւելի ցած եղած է մասնակիցներու 90 առ հարիւրի մօտ: Ֆոլաթթուի, վիթամին B-ի, B12-ի եւ B1-ի անբաւարարութիւն նկատուած է մարդոց համապատասխանաբար 98, 14, 25 եւ 4,60 առ հարիւրի մօտ:
Բջիջանիւթի ընդունումը աւելի ցած եղած է մասնակիցներու 95 առ հարիւրի մօտ: Բջիջանիւթի բաւարար ընդունումը անհրաժեշտ կը նկատուի սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ մարսողական համակարգի բազմաթիւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար։
Մասնակիցներու գրեթէ 30 առ հարիւրի մօտ օմեկա-3 ճարպաթթուներու եւ օմեկա-6 «փոլիչյագեցած» ճարպաթթուներու մակարդակը նորմէն ցած եղած է: Ոչ բաւարար կշիռքով կիներու մօտ նկատուած է նաեւ «լիմֆոսայթ»ներու դիմադրողական բջիջներու մակարդակի եւ արեան շիճուկին մէջ քոլեսթերոլի մակարդակի նուազում: «Անիմիա» նկատուած է 16 առ հարիւրի մօտ, իսկ «կլայքէյթըտ հիմոկլոպին»ի (A1C) մակարդակի բարձրացում՝ 36 առ հարիւրի մօտ։
Գիտնականները կը կարծեն, որ ցած կշիռքի ձգտումը կը բարձրացնէ անպտղութեան, դաշտանային «սայքըլ»ի խախտումներու, սրտանօթային հիւանդութիւններու, «օսթէոփորոզ»ի եւ «կլիւքոզ»ի անհանդուրժողականութեան վտանգը: Անբաւարար կշիռք ունեցող մայրերու մանուկները ցած կշիռքով կը ծնին, ինչ որ կը բարձրացնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու, շաքարախտի եւ սննդարար նիւթերու պակասի զարգացման վտանգը՝ ատով իսկ ազդելով աճի եւ զարգացման վրայ: