Աշխատանքի երկար տեւող ճամբան կապուած է աւելի քիչ ֆիզիքական «աքթիվութեան», աւելորդ կշիռքի եւ քունի հետ կապուած խնդիրներու հետ, բացայայտած են Սթոքհոլմի համալսարանի գիտնականները: Աւելին, կախեալ ըլլալով այն բանէն, թէ ո՛ւր կը գտնուի գրասենեակը, աշխատողը կրնայ նաեւ «ալքոլիզմ»ի հակում ունենալ: Մասնագէտներու հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են համալսարանի կայքին մէջ:
Գիտնականները օգտագործած են առողջական վիճակի շուէտական հետազօտութեան տուեալները, որոնք կատարուած էին 2012-2018 թուականներուն: Ընդհանուր առմամբ, մասնագէտները յաջողած են ուսումնասիրել 13 հազար մարդու ապրելաձեւի եւ աշխատանքի տեղաւորման մասին տուեալները։
Բացայայտուած է, որ աւելի քան 3 քմ երթեւեկը կը բարձրացնէ է ֆիզիքական անգործութեան, աւելորդ կշիռքի եւ վատ քունի հաւանականութիւնը: Մարդիկ, որոնք կ՛աշխատէին աւելի քան 40 ժամ եւ շաբաթական հինգ ժամէն աւելի կ՛երթային աշխատանքի, աւելի հաւանական է, որ ֆիզիքապէս ոչ «աքթիվ» ըլլային եւ քունի հետ կապուած խնդիրներ ունենային:
«Մեր վերլուծումները ցոյց տուած են նաեւ, որ մասնակիցները աւելի հաւանական է, որ ունենան «ալքոլիզմ»ի առաջին նշանները, երբ անոնց աշխատավայրը կը գտնուի բարձր ընկերային-տնտեսական կարգավիճակ ունեցող տարածքի մը մէջ կամ բարի հարեւանութեամբ»,-նշած են գիտնականները:
Հեղինակները կրցած են նաեւ որոշել աշխատանքի իտէալ վայրը. անիկա պէտք է ըլլայ տունէն 3 կամ աւելի քիչ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Գիտնականներուն խօսքով՝ այդ ժամանակ մարդիկ աւելի «աքթիվ» կ՛ըլլան եւ աւելի քիչ «սթրես» կ՛ապրին: