Մասաչուսեթսի «թեքնոլոճիքըլ» հիմնարկի գիտնականները ստեղծած են փոքրիկ որդանման ռոպոթ մը, որ նախատեսուած է գլխուղեղի կաթուածի բուժման համար: Սարքը կը տեղադրուի գլխուղեղին մէջ եւ կը սկսի դեղամիջոց մատակարարել ու մաքրել երակները՝ արեան վտանգաւոր մակարդուկներէն: Գիտնականներու յայտնագործութեան մասին գրած է Daily Mail պարբերականը:
Որդանման ռոպոթը պատրաստուած է նիքելի եւ տիտանիոնի խառնուրդէն եւ պատուած է «հիտրոժել»-ով, որ թոյլ կու տայ դիւրութեամբ սահելու՝ առանց հիւսուածքները վնասելու: Հեղինակներու խօսքով՝ սարքը կարելի է ներդնել հիւանդներու օրկանիզմ եւ կառավարել զայն մաքնիսներու կամ ներքին շարժիչներու միջոցով: Սարքի գործառնութիւնը գլխուղեղի վնասուած մասին դեղամիջոց հասցնելը եւ արեան մակարդուկներէն ազատելն է: Գիտնականները վստահ են, որ այս նորութիւնը կը խնայէ բժիշկներու ժամանակը եւ թոյլ կու տայ աւելի արագ միջոցներ ձեռնարկելու եւ ազատուելու կաթուածի հետեւանքներէն:
«Եթէ գլխուղեղի սուր կաթուածը կարելի ըլլայ բուժել առաջին 90 վայրկեանի ընթացքին, ապա հիւանդներու ողջ մնալու հաւանականութիւնը կտրուկ կերպով կ՛աճի: Այս «ոսկէ» ժամի ընթացքին, մենք կրնանք խուսափիլ գլխուղեղի անդառնալի վնասուածքներէն: Որդանման ռոպոթը մեր յոյսն է», – նշած են գիտնականները:
Նոր սարքը տակաւին չէ փորձարկուած մարդոց վրայ, սակայն ճարտարապետները արդէն ապացուցած են ատոր գործառնութեան արդիւնաւէտութիւնը: Մօտիկ ապագային, մասնագէտները մտադիր են փորձարկելու զայն նաեւ մարդոց վրայ: