Health News

Մեծերու քունի տեւողութիւնը ձմրան կէս ժամով կը բարձրանայ, յայտնած են Պերլինի Չարիթէ քլինիքի գիտնականները: Աշխատանքի արդիւնքները հրապարակուած են Frontiers in Neuroscience ամսագրին մէջ։

Գիտնականները ուսումնասիրած են «փոլիսոմնոկրաֆի»ի ենթարկուած 292 մասնակիցներու տուեալները՝ ուսումնասիրութիւն մը, ուր մասնակիցներէն խնդրած են քնանալ սովորական եղանակով, առանց զարթուցիչի: Այս մեթոտը հետեւած է քունի որակին, տեսակին եւ տեւողութեան: Բոլոր մասնակիցներուն հետեւած են տարուան տարբեր ժամանակներուն՝ ամիսներու միջեւ եղած տարբերութիւնները դիտարկելու համար:

Բացառուած են նաեւ այն կամաւորները, որոնք ստացած են քունի վրայ ազդող դեղեր՝ «փոլիսոմնոկրաֆի»ի ընթացքին «թէքնիքըլ» խափանումներով, ինչպէս նաեւ արագ քունի ուշացումով աւելի քան 120 վայրկեան:

Խանգարումներու ախտորոշումներուն մեծ մասը կապուած չէր եղանակներու հետ, բայց անքնութիւնը աւելի յաճախ կ՛ախտորոշուէր մինչեւ տարեվերջ: Ձմրան քունի ընդհանուր ժամանակը, բացայայտուած է, որ մէկ ժամ աւելի երկար է։ Այնուամենայնիւ, արագ քունը ձմրան 30 վայրկեան աւելի երկար եղած է, քան ամրան:

Յայտնի է, որ արագ քունը ուղղակիօրէն կապ ունի  «սիրքատային ռիթմ»երու հետ, որոնց վրայ կ՛ազդեն լուսաւորութեան փոփոխութիւնները:

Հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ ձմրան աւելի կանուխ քնանալը կրնայ օգնել յարմարելու «սէզոնայնութեան»: Բացի ատկէ, իշխանութիւնները եւ գործատուները պէտք է մտածեն դպրոցական եւ աշխատանքային ժանակացոյցը՝ քունի եղանակային կարիքներուն յարմարեցնելու մասին։