Երկու ամսուան մանուկը հազիւ փրկուած է մահէն, երբ ծնողները անոր պատահաբար ալքոլ խմցուցած են կաթնային խառնուրդի փոխարէն։ Այս մասին յայտնած է Asia One-ը:
Յունուար 17-ին, չինական Չժեցեան շրջանէն, ամուսնացած զոյգը ուզած է կաթնային խառնուրդ պատրաստել՝ նորածինին կերակրելու համար, որ անընդհատ կու լար եւ ոչ մէկ ձեւով կը հանդարտէր: Ծնողները իրար անցնելով, վերցուցած են առաջին պատահած շիշը եւ տուած՝ մանուկին։
Երբ մանուկը շիշին պարունակութենէն մօտաւորապէս 10 միլիլիթր խմած է, ծնողները տարօրինակ հոտ մը առած են։ Պարզուած է, որ ջուրի շիշին փոխարէն, անոնք չինական օղիի շիշը տուած են, որ արտաքինով շատ նման է ջուրի շիշի։
Նորածինին անյապաղ հիւանդանոց հասցուցած են, ուր բժիշկները ծանր սննդային թունաւորում ախտորոշած են։ Քանի որ մանուկը շատ փոքր էր, որպէսզի փսխելու «ռիֆլեքս» յառաջացնեն, բժիշկները ստիպուած եղած են լուալ անոր ստամոքսը՝ առաւելագոյն ձեւով հանելու համար ալքոլը։
Բժիշկները ծնողներուն նախազգուշացուցած են, որ թէեւ մանուկը մեծ քանակութեամբ ալքոլ խմած չէ, այնուամենայնիւ, այդ մէկը շատ վտանգաւոր է եւ կրնայ լուրջ բարդութիւններու յանգեցնել։ Ալքոլը մանուկի մը օրկանիզմին մէջ կտրուկ կերպով կ՛իջեցնէ արեան մէջ «կլիւքոզ»-ի մակարդակը՝ յանգեցնելով ցնցումներու եւ քոմայի, ինչպէս նաեւ կրնայ մինչեւ վտանգաւոր մակարդակով դանդաղեցնել սրտային «ռիթմ»-ը։ Իսկ, որովհետեւ ալքոլի ազդեցութիւնը մանկական նեարդային համակարգին վրայ անմիջապէս չ՛երեւիր, բժիշկները պէտք է երկար ժամանակ հետեւին վնասուած մանուկին։