Որոշ ուտելիքներ եւ խմելիքներ կրնան բացասաբար ազդել հակապայոթիքներու արդիւնաւէտութեան վրայ, հետեւաբար, այդ հակապայոթիքները ստանալու ժամանակ կը յանձնարարուի հրաժարիլ որոշ ուտելիքներէ եւ խմելիքներէ:
The Health Site պարբերականը խօսած է այդպիսի քանի մը ուտելիքի եւ խմելիքի մասին:
Ալքոլ
Ալքոլի նոյնիսկ չափաւոր քանակը կրնայ հակազդել հակապայոթիքներուն: Օրինակ, «թինիտազոլ» եւ «մեթրոնիտազոլ» դեղերը կրնան յառաջացնել գլխացաւեր, յաճախակի կամ ոչ կանոնաւոր սիրտի տրոփում, ցաւեր որովայնին մէջ, սիրտխառնուք եւ փսխուք, գլխապտոյտ, եթէ համադրուին ալքոլի հետ:
Կաթնամթերք
Հակապայոթիքը չի յանձնարարուիր խմել կաթով. պէտք է օգտագործել միայն ջուրով: Կաթնամթերքը, այդ շարքին՝ կաթը, պանիրը, կարագը եւ «եոկուրթ»-ը, կրնան ազդել՝ դեղը իւրացնելու օրկանիզմին ունակութեան վրայ: Կը յանձնարարուի օգտագործել կաթնամթերք՝ հակապայոթիքներ ստանալէն ետք 3 ժամուան ընթացքին:
Պտուղի հիւթեր
Կարելի չէ խմել հակապայոթիքները պտուղներու հիւթերով, յատկապէս, թուրինճի հիւթով, որովհետեւ կրնան խանգարել օրկանիզմը՝ մասնատելու դեղամիջոցը եւ ճիշդ իւրացնելու զայն: «Քալսիում»-ով հարուստ խմելիքները, օրինակ, նարինջի հիւթը, նոյնպէս կը նուազեցնեն որոշ հակապայոթիքներու արդիւնաւէտութիւնը:
Շաքար եւ թթխմոր
Որոշ հիւանդներու մօտ, հակապայոթիքներու ընդունումը կրնայ յանգեցնել սնկային վարակներու: Ուստի, կը յանձնարարուի խուսափիլ շաքարի եւ թթխմորի բարձր պարունակութեամբ ուտելիքներէն, որոնք նոյնպէս կը նպաստեն սնկային վարակներու զարգացման:
Ի՞նչ կը յանձնարարուի ուտել
Կը նկատուի, որ հակապայոթիքային բուժման ժամանակ, ուտելիքին մէջ «քոքոնաթ»-ի իւղի յաւելումը կրնայ օգնել նուազեցնելու սնկային վարակի զարգացման վտանգը՝ կապուած հակապայոթիքներու հետ:
Հակապայոթիքներով բուժումէն ետք, կը յանձնարարուի նաեւ օգտագործել մանրաթելերու բարձր պարունակութեամբ ուտելիք, որ կ՛օգնէ վերականգնելու աղիքներու առողջութիւնը եւ նուազեցնելու որոշ «վնասակար» պաքթիրիաներու աճը:
Սակայն մանրաթելերը նաեւ կրնան դանդաղեցնել նիւթափոխանակութիւնը եւ հակապայոթիքներու իւրացումը, ուստի կը յանձարարուի օգտագործել մանրաթելերը ոչ թէ բուժման ժամանակ, այլ ատկէ ետք: Այդպիսի ուտելիքներէն են ցորենի եւ վարսակի թեփը, ամբողջահատիկ ուտելիքները (ամբողջահատիկ հաց, շագանակագոյն բրինձ…), ընկուզեղէն, սերմեր, ընդեղէն, ոսպ, հատապտուղներ, «պրոքոլի», ոլոռն, պանան, «արթիշոք»-ներ եւ այլն: