Ուղեղի ցնցումը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ կիներու վերարտադրողականութեան վրայ։ Այս հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Head Trauma Rehabilitation-ին մէջ։
Նոյնիսկ թեթեւ գանկ-ուղեղային ցնցումները կրնան երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունենալ կիներու առողջութեան վրայ։ Ատոնք կրնան կապ ունենալ դաշտանային «սայքըլ»-ի խանգարումներու, սեռական գործունէութեան խախտումներու եւ այլ խնդիրներու հետ։ Բայց թէ ինչպէ՞ս ուղեղի ցնցումը կ՛ազդէ յղութեան հաւանականութեան վրայ՝ մինչեւ այսօր յայտնի չէ տակաւին, նշած է Medportal.ru-ն:
Նոր հետազօտութեան մէջ, Ռոչեսթըրի համալսարանի գիտնականները ներառած են 102 կիներ ուղեղի ցնցումէն ետք եւ 143 կիներ, որոնք վերջոյթներու վնասուածքներ ունեցած էին։ Մասնակիցները 18-45 տարեկան էին։
Ուղեղի ցնցում ունեցած կիները, վերջին երկու տարուան ընթացքին, հազուադէպօրէն յղի մնացած էին (76 առ հարիւրով), քան նոյն տարիքի կիներ` այլ վնասուածքներէ ետք։ Գիտնականները նաեւ հաշուի առած էին «կայնեքոլոճիքըլ» հիւանդութիւններու պատմութիւնը, որոնք կրնային խանգարել յղիացումը, հակաբեղմնաւորիչ դեղերու ընդունումը եւ շարք մը այլ գործօններ։
Գիտնականներուն խօսքով՝ հետազօտութիւններէն ստացուած տուեալները պէտք է ծառայեն իբրեւ կիներու վերարտադրողական առողջութեան վրայ ուղեղի ցնցումի երկարաժամկէտ ազդեցութեան մանրամասն ուսումնասիրութեան սկիզբ։