Մարդիկ, որոնք մանուկ հասակին շատ ժամանակ անցուցած են ջուրի մօտ, մեծ տարիքին աւելի շատ ժամանակ անցուցած են բնութեան մէջ եւ աւելի առողջ հոգեվիճակ ունեցած են։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Հռոմի Լա Սափիենզա համալսարանի հոգեբանները, որոնց յօդուածը հրապարակուած է «The Journal of Environmental Psychology» ամսագրին մէջ։
Գիտնականները ուսումնասիրած են 16 հազար մարդու հարցումներու տուեալները ամբողջ աշխարհի մէջ։ Մասնակիցներէն խնդրած են յիշել մանկական ապրումները՝ կապուած ջրային տարածքներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ թէ արդեօ՞ք յաճախ այցելած են ջրային տարածքներ, որքա՞ն ճամբորդած են, եւ ինչ ազատութեամբ անոնց ծնողները արտօնած են հետազօտել այդ վայրերը։
Անոնց հարցուցած են նաեւ իրենց ներկայ կեանքին մասին, այդ շարքին՝ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին ունեցած հոգեբանական բարեկեցութեան վերաբերեալ, նաեւ խնդրած են պատասխանել այն հարցումներուն, թէ որքա՞ն յաճախ անոնք ժամանակ անցուցած են ջուրի մօտ կամ բնութեան մէջ։
Բացայայտուած է, որ որքան աւելի շատ յիշողութիւններ ունեցած է անձը՝ կապուած ջրային տարածքի մօտ գտնուելու հետ, այնքան աւելի յաճախ ան գտնուած է բնութեան մէջ մեծ տարիքին։ Բացի ատկէ, անոնք աւելի յաճախ տեղեկացուցած են լաւ տրամադրութեան մասին։
Գիտնականները եզրակացուցած են, որ ջրային տարածքներու հետ ծանօթութիւնը մանուկ հասակին կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ մարդու հոգեվիճակին վրայ նոյնիսկ տասնամեակներ ետք՝ այդ մէկը բացատրելով բնութեան մէջ աւելի յաճախ գտնուելու ձգտումով։