«Տիփրէշըն»-ը կ՛ազդէ ոչ միայն մարդու տրամադրութեան եւ հոգեկան վիճակին վրայ, այլ` երբեմն նաեւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ:
Ի՞նչ ախտանիշներ կրնան վկայել «Տիփրէշըն»-ի մասին:
Գլխացաւեր
Մենք, սովորաբար, գլխացաւերը կը վերագրենք յոգնածութեան կամ «սթրես»-ին, բայց անոնք կրնան նաեւ «Տիփրէշըն»-ի ախտանիշ ըլլալ, յատկապէս եթէ կը պատահին «քրոնիք» յոգնածութեան, անտարբերութեան կամ անընդհատ դիւրագրգռութեան իրավիճակներուն: «Տիփրեսիվ» գլխացաւը, ըստ մասնագէտներու, յաճախ կը զգացուի իբրեւ բաբախող լարուածութիւն, յատկապէս` յօնքերու բաժինին մէջ: Կանոնաւոր առանց դեղագիրի ցաւազրկողները սովորաբար կ՛օգնեն ազատելու այս ցաւէն, բայց ժամանակի ընթացքին ցաւը կը վերադառնայ:
Աչքերու հետ կապուած խնդիրներ կամ տեսողութեան վատթարացում
Գերմանացի գիտնականները պարզած են, որ «Տիփրէշըն»-ով տառապող մարդիկ աւելի վատ կը զանազանեն սեւ-սպիտակ պատկերները: Եթէ աշխարհը ձեզի համար մոխրագոյն եւ ձանձրանալի կը թուի, եւ ձեր տեսողութիւնը վատթարացած է, թերեւս խնդիրը «Տիփրէշըն»-ի մէջ է:
Մէջքի ցաւ
Մէջքի ցաւը կրնայ կեցուածքի հետ կապուած խնդիրներու արդիւնք ըլլալ, բայց կրնայ կապուած ըլլալ նաեւ «Տիփրէշըն»-ի հետ, յատկապէս, եթէ այդ մէկը կը դրսեւորուի ոչ թէ տան մէջ, այլ, օրինակ, աշխատավայրին մէջ:
Որովայնի ցաւ
Որովայնի ցաւը եւ «սփազմ»-ները կրնան կապուած ըլլալ մարսողութեան խանգարման կամ ՆԴՀ-ի (նախադաշտանային համախտանիշ) հետ: Սակայն, գիտնականները պարզած են, որ ստամոքսի անհանգստութիւնը, փքուածութիւնը եւ նոյնիսկ «սփազմ»-ները կրնան «Տիփրէշըն»-ի նշան ըլլալ: Մարսողական խնդիրները եւս կրնան վկայել «Տիփրէշըն»-ի մասին: Գիտնականները ապացուցած են, որ անհանգստութիւնը եւ «Տիփրէշըն»-ը փոխկապակցուած են մարսողական համակարգին գործունէութեան հետ:
Ցաւային հանդուրժողականութեան անկում
Եթէ աննշան ճանկռտուքները կամ կապտախտը զօրաւոր ցաւ եւ անհանգստութիւն կը պատճառեն, ամենայն հաւանականութեամբ, մարդու մը ցաւի նկատմամբ հանդուրժողականութիւնը նուազած է: 2015-ի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ «Տիփրէշըն»-ի պարագային, ցաւի նկատմամբ հանդուրժողականութիւնը յաճախ կը նուազի: