Սինկափուրցի գիտնականներ սունկերու ընտանիքի նոր <անդամ> մը յայտնաբերած են։ Անոնք մանրամասնած են Candida auris-ի մինչեւ օրս ճենեթիքօրէն տարբերուող վեցերորդ տեսակը իրենց քանի մը հիւանդներուն մօտ:
Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են The Lancet Microbe ամսագրին մէջ։
Այս բորբոսը աշխարհի ամենէն վտանգաւոր յարուցիչներէն մէկն է, որովհետեւ անիկա կրնայ դիմակայել բազմաթիւ հակասնկային դեղամիջոցներու, ինչպէս նաեւ՝ արագ տարածուիլ հիւանդանոցներու մէջ եւ բարձր վտանգ ներկայացնող այլ միջավայրերու մէջ:
Candida aurisը առաջին անգամ յայտնաբերուած է 2009 թուականին: Թէեւ անիկա սովորաբար կը վարակէ առողջ մարդոց՝ առանց զանոնք հիւանդացնելու, անիկա կրնայ նաեւ յառաջացնել ծանր վարակներ, յատկապէս տկար դիմադրողական համակարգ ունեցող մարդոց մօտ: Այս վարակները յաճախ կրնան դժուար վերահսկուիլ, որովհետեւ բորբոսը սովորաբար կրնայ դիմակայել քանի մը կամ նոյնիսկ բոլոր դասակարգերու հակասնկային դեղամիջոցներուն, որոնք հասանելի են անոնց բուժման համար․ նաեւ դժուար է ամբողջութեամբ վերացնել զայն, երբ անիկա հաստատուած է միջավայրին մէջ:
Ընդհանուր առումով, Candida auris վարակի դէպքերը տակաւին հազուադէպ են, սակայն դէպքերու թիւը Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ զգալիօրէն աճ արձանագրած է վերջին տարիներուն, եւ սունկը անշեղօրէն կ՛ընդլայնէ իր հասանելիութիւնը աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ։