Որքան գետնախնձոր (French fries) կարելի է ուտել օրուան ընթացքին

Ֆրիթի «առողջ» չափաբաժինը պէտք է վեց փոքր մասէն աւելի չըլլայ: Նման անսպասելի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Հարվըրտի համալսարանի փրոֆ. Էրիք Ռիմ: Այն մարդիկը, որոնք իրենց օրուան սնունդէն հանած են ֆրիթը, վեց ամիսով աւելի երկար կ՛ապրին անոնցմէ, որոնք ֆրիթ կը սպառեն: Աւելին՝ շաբաթական 2-3 անգամ ֆրիթ ուտող մարդիկ, շաքարախտի, ճարպակալումի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման բարձր վտանգ…

Ինչպէ՞ս ճիշդ մաքրել ակռաները. Վարդան Բակալեան

Հայաստանի, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, տարածուած են լինտերու բորբոքումի հիւանդութիւններ, որոնք տարիներու ընթացքին կրնան հանգեցնել ակռաներու կորուստի: Հայաստանի «Periodontologist»-ներու Միութեան նախագահ, ատամնաբուժ Վարդան Բակալեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ լինտերու հիւանդութիւններու կանխարգիլման հարցին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ բերանի խոռոչի ճիշդ մաքրութիւնը: Ակռաները պէտք է մաքրել 3-4 վայրկեան: Այս մէկը կ՛օգնէ…