Փոքրիկները պէտք է սկսին գիրքերով խաղալ 6-ամսականէն սկսեալ. մասնագէտ
Փոքրիկներուն պէտք է գիրքերու հետ ծանօթացնել ոչ թէ դպրոց յաճախելու նախապատրաստութեան ժամանակ, այլ շատ աւելի կանուխ՝ 6 ամսականէն սկսեալ: Այսպիսի կարծիք յայտնած է մանկաբուժ Կարինէ Լեփեճեան (Միացեալ Նահանգներ): Անոր խօսքով՝ այն փոքրիկները, որոնք տակաւին չեն կրնար կարդալ, կրնան գիրքերով խաղալ, անոնց ձեռք տալ, նայիլ, տանիլ բերանը, եւ այս բոլորը կը նպաստեն անոնց զարգացման: Բայց նման…