Որո՞նք են փոքրիկներու գիրնալու պատճառները
Աղիքային մանրէները եւ ատոնց փոխգործակցութիւնը դիմադրողական բջիջներու եւ «մեթապոլիք» օրկաններու հետ, ներառեալ ճարպային հիւսուածքը, կարեւոր դեր կը խաղան փոքրիկներու ճարպակալումի հարցին մէջ։ Այսպիսին են՝ Wap Forest Baptist Health-ի գիտնականներու հետազօտութիւններու արդիւնքները, տեղեկացուցած է MedicalXpress-ը: «Բժիշկները նախապէս կը կարծէին, թէ ճարպակալումը ջերմուժի չափազանց մեծ քանակութեան սպառումի արդիւնք է։ Այնուամենայնիւ, վերջին տասնամեակին կատարուած հետազօտութիւններու շարքը հաստատած է,…