Աղտոտ ձեռքերը կրնան աշխարհի մէջ տարեկան 1,4 միլիոն փոքրիկի մահուան պատճառ դառնալ

«Ռոսբոթրեպնատզորը» յայտնած է, որ աղտոտ ձեռքերը կրնան աշխարհի մէջ տարեկան 1,4 միլիոն փոքրիկի մահուան պատճառ դառնալ։ Այս տուեալները ներկայացուած են Հոկտեմբեր 15-ին  Մաքուր ձեռքերու համաշխարհային օրուան վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ամէն տարի, աւելի քան 1,4 միլիոն մարդ աշխարհի ամբողջ տարածքին կը մահանայ թոքի պաքթիրիայի բորբոքումէն (pneumonia) եւ լուծէն (աղիքի գործունէութեան…