Աղը կը դանդաղեցնէ քաղցկեղի զարգացումը մուկերու մօտ. հետազօտութիւն

Աղի չափազանց շատ օգտագործումը վնասակար է առողջութեան համար, որովհետեւ կը յանգեցնէ օրկանիզմին մէջ ջուրի կուտակումին եւ կրնայ վնասել սրտանօթային համակարգը: Սակայն, քաղցկեղի պարագային, աղի աւելցուկը կրնայ ցուցաբերել անսպասելի արդիւնք, ինչպէս պարզած են գիտնականները: Xinhua-ի հաղորդումով՝ գիտնականները կերակրած են մաշկի քաղցկեղ (մելանոմա) եւ կուրծքի քաղցկեղ ունեցող մուկերուն աղի բարձր կամ ցած պարունակութեամբ սնունդով, 16 օր շարունակ:…