«Անասուններու Հանդէպ Անարգանք»-ը Պատճառ Դարձաւ Համավարակին. Ճէյն Կուտոլ

Աշխարհահռչակ բրիտանացի «բրիմաթոլոճիսթ» Ճէյն Կուտոլ ըսած է, որ «քորոնա» ժահրի համավարակը պատահեցաւ՝ բնութեան եւ անասուններուն հանդէպ մարդ արարածին անուշադրութեան, անտարբերութեան ու անտեսումին պատճառով: Կուտոլ, որ ուսումնասիրած է յատկապէս Շեմփանզէները եւ անոնց բնութիւնը՝ Ափրիկէի մէջ կատարած իր հետազօտութեան միջոցով, խնդրած է աշխարհէն, որ սորվի անցեալի սխալներէն՝ կանխարգիլելու համար ապագայի աղէտները: Հեռաձայնային գիտաժողովի մը ընթացքին, 86 տարեկան…