Գիտնականները Սարդերու Շնորհիւ «Հակապաքթիրիըլ» Նիւթ Կը Մշակեն

Մասնագէտներ ստեղծած են նիւթ մը, որ կրնայ վերացնել «պաքթիրիըլ» կամ սնկային վարակում ունենալու վտանգը եւ դիւրացնել բուժման գործընթացը: Science Daily-ի փոխանցումով, խօսքը «նանոկառուցուած» նիւթի մասին է, որ հիմնուած է սարդի մետաքսի սպիտակուցներու (բարձրամոլեքիւլային օրկանական միացումներ, որոնք կազմուած են քիմիական կապով իրարու միացած ալֆա-ամինօ թթուներէն) վրայ: Այս նիւթը կը կանխէ «պաքթիրիաներու» եւ սունկերու կողմէ գաղութացումը եւ…