COVID-19ի Ընթացքը Ծանրացնող Դիմադրողականութեան Բնորոշ Գիծ Մը. Գիտնականներ
Արեան մեջ «սխալ» հակամարմիններու մեծ քանակը («օթօհակամարմիններ») կրնայ ծանրացնել «քորոնա» ժահրային բորբոքումի ընթացքը, կը նախազգուշացնեն Yale համալսարանի գիտնականները: Այդպիսի հակամարմիններ թիրախ կը դարձնեն օրկանները, հիւսուածքներն ու բուն դիմադրողական համակարգը, եւ ոչ թէ կը պայքարին օրկանիզմ ներխուժած ժահրին դէմ: Այս մէկը, «քորոնա» ժահրով վարակուելու պարագային, ոչ միայն բարդութիւններ կը յառաջացնէ, այլ՝ կրնայ դառնալ հիւանդութեան աւելի երկարատեւ…