Դիմակը չի նուազեցներ Թթուածինի Մակարդակը Արեան Մէջ. Հետազօտութիւն
Մտավախութիւնները, որ դիմակ կրելը կը նուազեցնէ թթուածինի մակարդակը արեան մէջ, չափազանցուածութիւն է, ըսած են ամերիկացի հետազօտողները: Medportal.ru-ի փոխանցումով` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը տակաւին նախորդ ամառ յայտարարած էր, որ դիմակներ կրելը թթուածինի պակասութիւն չ՛ստեղծեր եւ ածխաթթու կազէն թունաւորում չի յառաջացներ: Աւելի ուշ, Թոքերու առողջութեան ամերիկեան ընկերակցութիւնը (ALA) հաստատած էր այս տեղեկութիւնը` նշելով, որ ապացոյցներ չկան, որ դիմակը…