Ինչպէ՞ս Աւելորդ Կշիռքը Կ՛ազդէ Քորոնա Ժահրի Ծանր Ընթացքին Վրայ
Աւելորդ կշիռքը իսկապէս կը բարձրացնէ քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի զարգացման վտանգը, պարզած են բրիտանացի գիտնականները: Հետազօտութեան ընթացքին, որու արդիւնքները հրապարակուած են The Lancet Diabetes & Endocrinology-ին մէջ, մասնագէտները ուսումնասիրած են գրեթէ 7 միլիոն բրիտանացիներու տուեալները, որոնց մօտ քորոնա ժահրը յայտնաբերուած է համավարակի առաջին ալիքի ժամանակ: Հետազօտողները նկատած են, որ 23-էն վեր մարմինի զանգուածի «ինտեքս»-ով մարդոց…