Զինքի Պակասը Կրնայ Աւելցնել COVID-19-ի Ծանր Ընթացքը

Զինքի պակասը կրնայ աւելցնել քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի վտանգը: Այս մասին ըսուած է Մարսէյի համալսարանական հիւանդանոցի գիտնականներու հետազօտութեան մէջ, որու արդիւնքները ներկայացուած են Clinical Nutrition ամսագիրին մէջ: «Սքրինինկ»-ի կեդրոններ դիմած քորոնա ժահրով վարակուած 152 հիւանդի եւ առանց COVID-19-ի 88 հիւանդի մասնակցութեամբ կատարուած է քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի կանուխ կանխատեսման գնահատում: «Հայփոսինեմիա» յաճախ տեսնուած է քորոնա…

Անհրաժեշտ Համեմներ Առողջութեան Համար

Որոշ համեմներ կրնան շատ օգտակար ըլլալ առողջութեան համար, բայց, անշուշտ, չի յանձնարարուիր չափազանց շատ օգտագործել այդ համեմները: Կասիա Կասիան կը նուազեցնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Անիկա օգտակար է նաեւ սիրտին համար. կը նուազեցնէ «քոլեսթերոլ»-ի եւ «թրիկլիսերայտ»-ի մակարդակը: Անշուշտ, կասիան չի կրնար փոխարինել դեղերը՝ շաքարի եւ «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակը իջեցնելու համար, բայց ատոր ներառումը սննդականոնին մէջ, նշանակուած…