Ի՞նչ Կարելի Չէ Ընել Արեւու Այրուածքի Պարագային
Ամրան արեւու այրուածք ունենալու վտանգը քանի մը անգամ աւելի կ՛ըլլայ: Արեւու այրուածքը կարելի է նշմարել այն ախտանիշներով, որ յայտնի են մարդոց մեծամասնութեան՝ թեթեւ այրուածքի պարագային, այդ մորթի կարմրութիւն է, իսկ երբեմն ալ յոգնածութեան եւ գլխապտոյտի զգացում: Աւելի զօրաւոր (2-րդ աստիճանի) այրուածքի պարագային, կրնան բշտիկներ յառաջանալ: Ընդհանրապէս, արեւու թեթեւ այրուածքը, որու պարագային զօրաւոր գրգռուածութիւն եւ բշտիկներ…