Ինչպիսի՞ Խմիչքներ Օգտակար Են Լեարդին Համար
Որոշ խմիչքներ կրնան օգնել վերականգնելու լեարդի գործառոյթը, յայտնած է սննդաբան եւ «կասթրոէնթերոլոկ» Ալինա Պուտաքովսքայա: Մասնագէտը նշած է, որ նման խմիչքներ հիմնականին մէջ ստեպղինի եւ դդումի հիւթեր կը ներառեն: Ստեպղինը, ինչպէս բոլոր նարնջագոյն եւ դեղին բանջարեղէնները, հարուստ են «քարոթինոիտ»-ներով, որ կը նուազեցնեն լեարդին վրայ «թոքսին»-ներու վնասակար ազդեցութիւնը: Մասնագէտին համաձայն, օրուան ընթացքին, կարելի է խմել 250 միլիլիթր…