Գունաւոր Ուտելիքները Կ՛օգնեն Պահպանելու Մտային Առողջութիւնը

Գունաւոր ուտելիքներու՝ կարմիր պղպեղի, ելակի, բալի, շարունակական ձեւով օգտագործումը կրնայ նպաստել ուղեղի առողջութեան պահպանման։ Այս մասին գրուած է Neurology ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ։ Այդ ուտելիքներուն մէջ կը գտնուին «ֆլավոնոյտ»-ներ՝ բուսական ծագումով կենսաբանօրէն աշխուժ բաղադրիչներ։ Ընդունուած է, որ հակաօքսիտընթներու անբաւարարութիւնը օրկանիզմին մէջ կրնայ դեր ունենալ մտային կարողութիւններու նուազումի գործին մէջ՝ տարիքի հետ կապուած, նշած է…