Կուրծքի Կաթը Օգտակար՝ Թերահաս Մանուկներու Սիրտին Համար
Կուրծքի կաթը դրական ձեւով կ՛ազդէ թերահաս մանուկներու սրտանօթային համակարգի եւ սրտանօթային զարգացման վրայ: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական վարչական կազմի բժշկական համալսարանի մասնագէտները: Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է JAMA Network Open ամսագիրին մէջ, ներառած է 80 թերահաս փոքրիկներու տուեալները: Այս իր տեսակին մէջ առաջին հետազօտութիւնն է, որ ցոյց տուած է, թէ թերահաս փոքրիկները, որոնք…