Սննդականոնը Կրնայ Բարելաւել Իմացական/Ճանաչողական Գործունէութիւնները

MIND սննդականոնը կրնայ յատկապէս օգտակար ըլլալ տարեցներու համար եւ բարելաւել անոնց իմացական/ճանաչողական գործունէութիւնները: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Ռաշի համալսարանի բժշկական կեդրոնի հետազօտողները: MIND-ը կը միացնէ միջերկրածովեան սննդականոնի հիմքերը «հայփըրթէնշըն»ի դէմ սննդականոնի հետ (DASH): Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած էին, որ MIND սննդականոնը կրնայ նուազեցնել «Ալզհայմըր»ի վտանգը: Նոր հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է Journal of Alzheimer’s Disease-ին…