Ձուկը՝ Շատ Օգտակար Ուտելիք
Մասնագէտները կը յանձնարարեն ձուկ ուտել շաբաթական առնուազն երկու անգամ, գրած է Eat This, Not That պարբերականը: «Ձուկը անկասկած «սուփըր» ուտելիք է: Այսինքն՝ սովորական սնունդ՝ անսովոր օգուտներով»,-ըսած է սննդաբան եւ առողջ սնանելու մասին քանի մը գիրքերու հեղինակ Ճեքսըն Պլեթնըր։ Անոր խօսքով՝ ձուկը հարուստ է օմեկա-3 թթուներով, որոնք շատ օգտակար են ուղեղին համար եւ կ՛օգնեն պայքարելու տարիքային…