«Օմիքրոն»ը 70 Անգամ Աւելի Արագ Կը Բազմանայ «Պրոնք»ներուն Մէջ, քան «Տելթա»ն
Քորոնա ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը 70 անգամ աւելի արագ կը բազմանայ հիւանդներու «պրոնք»ներու (շնչառական ուղիներու ճիւղաւորումներ) հիւսուածքներուն մէջ, քան «Տելթա»ն։ Այս մէկը պարզած են հոնգոնկցի գիտնականները։ Բայց ատոր հետ մէկտեղ «Օմիքրոն»ը 10 անգամ աւելի դանդաղ կը բազմանայ թոքերուն մէջ, եւ ատոր համար մասնագէտները յոյս ունին, որ վարակը աւելի դիւրին կը յաղթահարուի։ Գիտնականները հետազօտած են թոքերու հիւանդութիւններ…