Արհեստագիտութիւնը եւ բժշկութիւնը շատոնց ընդհանուր պատմութիւն ունին. երկու երեւոյթները գործնականին մէջ անբաժան դարձած են: Դժուար է պատկերացնել, թէ ուր կ՛ըլլար այսօր ժամանակակից բժշկութիւնը եւ, ըստ էութեան, մարդկութիւնը առանց պատկերներու, մանրադիտակներու, քարտիօ-խթանիչներու, «փրոթէզ»ներու եւ այլն։
Հիւանդութիւնները յայտնաբերելու եւ ախտորոշելու ունակութենէն մինչեւ բուժման եւ վերականգնման կատարելագործում, մենք կտրած ենք երկար ճամբայ եւ պէտք է անպայման անդրադառնանք, թէ ինչպէ՞ս արհեստագիտութիւնը բարելաւած է մարդու կեանքը:
«Mashable փորթալ»ը լուսաբանած է 2022ի որոշ ուշագրաւ եւ յաճախ զարմանալի արհեստագիտական յառաջընթացներ, որոնք շուտով կրնան փոխել բժշկութիւնը:
1.«Պայոնիք» աչքերը կրնան վերականգնել աղոտ տեսողութիւնը կամ կուրութիւնը
Տարուան սկիզբը Լոնտոնի Moorfields Eye Hospital-ի վիրաբոյժները յաջողութեամբ աւարտած են Մեծն Բրիտանիոյ «պայոնիք» աչքի փոխպատուաստման առաջին գործողութիւնը: Հիւանդը 88 տարեկան կին մըն էր՝ տարիքային «մէքիւլըր տիճէնըրէյշըն» հիւանդութեամբ, որ կ՛ազդէ տեսողական դաշտի միջին հատուածին վրայ եւ կրնայ յառաջացնել կամ մշուշոտ տեսողութիւն կամ կուրութիւն աչքի այդ հատուածին մէջ:
Կնոջ աչքի ցանցաթաղանթին մէջ երկմիլիմեթրնոց «մայքրօ-չիփ» մը տեղադրուած է, որմէ ետք, անոր, ոչ մեծ համակարգիչին միացուած տեսախցիկով ակնոց հագցուցած են։ Տեսախցիկը «սքէն» ընելով շրջակայ միջավայրը, տեղեկատւութիւնը փոխանցած է «չիփ»ին, որ այնուհետեւ ելեկտրական ազդանշաններու միջոցով կ՛ուղարկէ ուղեղ։
«Պայոնիք» աչքը դեռ հետազօտութեան փուլին մէջ է։
2.Ուռուցքները ուսումնասիրելու բոլորովին նոր միջոց
Ուռուցքները եռաչափ բնոյթ ունին, սակայն մինչեւ օրս զայն ուսումնասիրելու համար օգտագործած ենք երկչափ պատկերներ։ Կարծելով, որ 3D «սքէն» ընելը կրնայ բացայայտել քաղցկեղի աւելի շատ գաղտնիքներ, Քէմպրիճի Cancer Research UK հիմնարկի հետազօտողներու խումբը մշակած է ուռուցքի նորարարական VR քարտէզ մը: Նախագիծը, որ կը ղեկավարէր փրոֆեսոր Կրեկ Հեննոն, կը ներկայացնէր միջազգային «միջտիսիփլինըրի» համագործակցութիւն գիտնականներու եւ VR նկարիչներու միջեւ: Քարտէզը ստեղծելու համար, Imaxt տարրալուծարանին մէջ, Հաննոնի խումբը համագործակցած է Օուեն Հէրիսի եւ անոր Skil Interactive ընկերութեան հետ, որոնք մշակած են «վըրչուըլ» իրականութեան ծրագրային ապահովում։
3.«Պայոփրինթինկ»ը պէտք է դեր խաղայ «տոնըր» օրկաններու փոխպատուաստման մէջ
Ինչ ընել, եթէ «տոնըր»ներու սպասելու փոխարէն մենք կարենայինք պարզապէս տպել մարդու օրկանները: Ապրիլին ուսումնասիրուած է կենսատպագրութեան զարմանալի զարգացում եւ «տոնըր»ներու փոխպատուաստման հնարաւոր դերը ապագային:
Կենսատպումը արդէն հասած է որոշ բարձունքներու՝ բնական ծաւալով ընդամէնը 19 վայրկեանի մէջ ձեռքով տպումէն մինչեւ լեարդի «մոտել» եւ թոքերու օդային պարկ՝ մետաղադրամի չափով։
4.Արհեստական «ինթելեքթ»ի շնորհիւ «փրոթէզ»ները կրնան աւելի «ինթուիթիւ» դառնալ
2022ին արհեստագիտական սթարթափ Esper Bionics-ը մշակած է ինքնուսուցանուող «պայոնիք» ձեռք մը, որ կը խոստանայ մարդ արարածի մը մարմինը կապել «փրոթէզաւորուած» վերջոյթներու հետ։ Էսփըրի ձեռքը աւելի թեթեւ է, քան մարդու ձեռքը, անիկա կ՛օգտագործէ արհեստական բանականութիւն՝ օգտագործողի անհատական վարքի վերաբերեալ տեղեկատւութիւն հաւաքելու համար՝ մկաններու գործունէութիւնը աւելի լաւ որոշելու եւ արտաքին խթաններուն արձագանգելու համար: Այս կը նշանակէ, որ ձեռքը ժամանակի ընթացքին կը բարելաւուի, որովհետեւ անիկա աւելի ու աւելի տեղեկութիւններ կը հաւաքէ իր օգտագործողի մասին:
Երբ Mashable-ը այդ մասին յայտնած է Փետրուարի սկիզբը, «փրոթէզաւորուած» ձեռքը TIME-ի կողմէ ճանչցուած է 2022ի լաւագոյն գիւտերէն մէկը:
5.Պայոնիք 8էքզոկմախք9ներ փոքրիկներու համար
Ապրիլին յայտնի դարձած է պատմութեան մէջ առաջին 8պայոնիք էքզոկմախք9ի մասին, որ յատուկ ստեղծուած է փոքրիկներու համար։ Սպանական Marsi Bionics արհեստագիտական ընկերութիւնը ստեղծած է ATLAS 2030-ը՝ օգնելու նեարդամկանային հիւանդութիւններ ունեցող փոքրիկներուն, ինչպէս՝ մկանային «աթրոֆիան» եւ ուղեղային կաթուածը: «Էքզոկմախք»ը կրնայ աջակցիլ փոքրիկի մը ամբողջ մարմնին՝ իրանէն մինչեւ ոտքերը, չնայելով որ կայ գլխու համար յենարան աւելցնելու տարբերակ։
«Էքզոկմախք»ը յագեցած է յօդերով, որ համակարգի «սենսըր»ներու հետ միասին կը ճանչնան օգտագործողի մը մտադրութիւնները՝ զայն վերածելու գործողութիւններու։ ATLAS 2030ը կ՛ապահովէ ամբողջական կայունութիւն՝ արտօնելով օգտուողին ինքնուրոյն շարժիլ: Ներկայիս կայ ձեւ մը, որ հասանելի է անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են «էքզոկմախք»ի օգտագործմամբ: