Օմիքրոնով Վարակուածներուն Կը Յանձնարարուի Հրաժարիլ Սուրճէն

Օմիքրոնով վարակուածներուն կը յանձնարարուի հրաժարիլ սուրճ խմելու սովորութենէն, ըսած է նեարդաբան Իկոր Մացոքին: Մասնագէտը յայտնած է, որ յետքորոնաժահրային ընթացքին խթանիչներու ազդեցութիւնը օրկանիզմին վրայ պէտք է նուազագոյնի հասցնել, որոնց շարքին է նաեւ քաֆէինը։ Քաֆէինը կը սպառէ «ատենոզին թրիֆոսֆաթ»ը (ԱՏՖ), որ կարեւոր դեր ունի նիւթափոխանակութեան եւ «էնըրճի»ի գործին մէջ: Ատոր առկայութիւնը օրկանիզմին մէջ COVID-19-էն ետք «արդէն նուազագոյն…

Պատուաստը Ոչ Բաւարար՝ Քորոնա Ժահրային Համավարակը Կանգնեցնելու Համար

Քորոնա ժահրի համավարակը կանգնեցնելու համար միայն պատուաստը բաւարար չէ, եւ ատով է, որ ներկայ համավարակը կը տարբերի բոլոր նախորդներէն։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է Դ. Ի. Իվանովսքիի անուան ժահրաբանութեան հիմնարկի «արպովայրըս»ներու (ողնաշարաւոր կենդանիներու եւ մարդու վայրըսներու խումբ) բաժնի եւ կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսոր Ալեքսանտր Պութենքոն։ Մասնագէտին համաձայն՝ այսպիսի համավարակ չէ եղած մարդկութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին։ «Եղած…