Գիտնականները Կը Հերքեն Քորոնա Ժահրի Ախտանշաններէն Մէկը

Այսպէս կոչուած «քովիտային ոտքի մատները» կրնան իրականութեան մէջ կապ չունենալ քորոնա ժահրին հետ։ Այս եզրակացութեան յանգած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնեքթիքըթի Եյլի համալսարանի մասնագէտները։ Անոնց հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուած են PNAS ամսագրին մէջ։ Գիտնականները ուսումնասիրած են քորոնա ժահրային վարակի կասկածով 23 անձերու տուեալները, ինչպէս նաեւ «քովիտային ոտքի մատներու» վերաբերեալ գանգատները։ Սակայն հիւանդութիւնը հաստատուած է միայն 3…

COVID-19-ն Կրնայ Յանգեցնել Մահացու Հիւանդութեան

COVID-19-ն կրնայ յանգեցնել թոքախտի զարգացման՝ այն հիւանդներու պարագային, որոնք յարուցիչի կրողներ են։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է փրոֆեսոր, առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր մասնագէտ, թոքաբան Իրինա Վասիլեւա: Մասնագէտին խօսքով՝ ինչպէս COVID-19-ի, այնպէս ալ թոքախտի «թիրախը» հիւանդի թոքերն են, ուրեմն COVID-19-ն կրնայ մինչ այդ հիւանդին մօտ եղած թոքախտային մահացու վարակը արթնցնել։ Միեւնոյն ժամանակ, երկու հիւանդութիւններու ախտանշաններուն նմանութեան պատճառով, այս…