Մինչեւ 15 Տարեկան Փոքրիկներու Լսողութեան Կորուստի Պատճառները
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով` բնակչութեան 5 առ հարիւրէն աւելին կամ 466 միլիոն մարդ (432 միլիոն մեծ եւ 34 միլիոն փոքրիկ) ունի լսողութեան կորուստ: Մինչեւ 15 տարեկան փոքրիկներու լսողութեան կորուստի պարագաներու 60 առ հարիւրի պատճառներէն են. Վարակները` կարմրուկ, կարմրախտ, խոզուկ, «մենինճիթ», «սայթոմեկալովիրուսային» բորբոքում, միջին ականջի քրոնիք բորբոքում (31%), նորածիններու ծննդաբերական վնասուածքները, անհասութիւնը, ծնելու ժամանակ ցած կշիռքը,…