Նոր ախտահանիչ ծածկոյթ՝ Քորոնա Ժահրէն Պաշտպանուելու Համար

Ճափոնցի գիտնականները մշակած են նոր ախտահանիչ ծածկոյթ մը, որ կրնայ օգտագործուիլ ժահրերէն, այդ շարքին՝ SARS-CoV-2 քորոնա ժահրէն պաշտպանուելու համար։ Այս նոր հետազօտութիւնը հրապարակուած է Scientific Reports ամսագրին մէջ։ Նման ծածկոյթի անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է քորոնա ժահրի տարածման առանձնայատկութիւններէն մեկնելով, որ, ինչպէս յայտնի է, կրնայ փոխանցուիլ օդակաթիլային ճամբով եւ նստիլ մակերեսներու վրայ։ Ախտահանման համար ընդհանրապէս օգտագործուող քիմիական…

Հոտառութեան Երկարատեւ Կորուստը Կրնայ Ուղեղի Վնասուածքի Հետ Կապուած Ըլլալ

Հոտի զգացողութեան կորուստը կամ հոտերու ընկալման խախտումը կը նկատուէր քորոնա ժահրային վարակի հիմնական ախտանիշներէն մէկը համավարակի սկզբնական շրջանին։ Փորձելով հասկնալ COVID-19-ի ժամանակ հոտի զգացողութեան հետ կապուած խնդիրները՝ հետազօտողները նաեւ ուսումնասիրած են ուղեղի ներքին հիւսուածքները: Բացայայտուած է, որ ժահրով վարակուիլը կապուած է ուղեղի այն մասի վնասման հետ, որ կը վերահսկէ հոտառութիւնը։ Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են՝…