Արեան Բարձր Ճնշում՝ Դեռահաս Տղոց Մօտ
«Հայփըրթէնշըն» ունեցողներու մակարդակը կը բարձրանայ ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս սեռական հասունացման շրջանին. ի դէպ, տղոց շրջանակին մէջ անիկա կը պատահի երեք-չորս անգամ աւելի յաճախ, քան աղջիկներու շրջանակին մէջ. դեռահաս տղոց մօտաւորապէս 20 առ հարիւրին մօտ արեան բարձր ճնշում կը նկատուի, գրած է Medical Xpress-ը: Գիտական տուեալներէն մեկնելով՝ երիտասարդներու շրջանակին մէջ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառը ճարպակալումն…