Մանուկի Մը Ստամոքսին Մէջ Աճող Սաղմ Կը Յայտնաբերուի
Հնդկաստանի Պիհար նահանգի Մոթիհարի քաղաքին մէջ բժշկական անբնականոնութիւն արձանագրուած է. բժիշկները 40 օրուան մանուկի մը ստամոքսին մէջ զարգացող սաղմ յայտնաբերած են, գրած է Medical Dialogues-ը։ Ռահմանիա բժշկական կեդրոնէն բժիշկ Թապրեզ Ազիզ փոքրիկ հիւանդին որովայնի «թոմոկրաֆի» կատարած է` որովայնի ուռելուն եւ միզուղիներու գործունէութեան խանգարման պատճառը գիտնալու համար եւ ցնցում ապրած է իր տեսածէն: Բժիշկները պարզած են,…