Յիշողութեան Հետ Կապուած Հարցերը Կրնան Մատնանշել Հիւանդութիւններու Մասին
Մասնագէտներ յայտնած են, թէ ի՛նչ հիւանդութիւններ կրնայ պահած ըլլալ վատ յիշողութիւնը։ Յայտնի է, որ տարիքի բերումով մարդիկ աւելի դժուար կը յիշեն եւ կը վերարտադրեն տեղեկութիւնը։ Բայց առողջ տարեց մարդիկ յիշողութիւնը չեն կորսնցներ. անոնց պարագային պարզապէս աւելի ժամանակ պէտք է իմաստաւորելու համար ստացուած տեղեկութիւնը։ Այնուամենայնիւ, յիշողութեան վատթարացումը կրնայ կապուած ըլլալ Ալզհայմըրի հիւանդութեան հետ։ Մասնագէտները նշած են,…