Փոքրիկները Պէտք է Արեւապաշտպան Ակնոցներ Օգտագործեն
Մենք բոլորս գիտենք, որ ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթները վնասակար են մեր մորթին համար։ Չնայելով, որ ատոնց ազդեցութեան տակ կը ստեղծուի արեւային D վիթամինը, բայց երբ արեւը «չափէն աւելի է», խիստ կը բարձրանայ մորթի քաղցկեղի (մելանոմայի) հաւանականութիւնը, մորթը աւելի արագ կը ծերանայ։ Գումարելով տաքի ներգործութիւնը՝ արեան խտացում, այսինքն կը բարձրանայ «թրոմպ»ներու յառաջացման վտանգը, ինչպէս նաեւ՝ անօթներու «սփազմ», այսինքն…